Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան խօսքը Արցախի զօրակցութեան հաւաքին

2023-01-26
Image

Զօրակցական Հաւաք Արցախի Ժողովուրդին Հետ

(ՌԱԿ-ի խօսքը արտասանեց Ընկ. Գրիգոր Մանուկեան)

 

Ողջոյն սիրելի հայորդիներ,

Անգամ մը եւս թշնամին շրջապատած է Արցախի մեր քոյրերն ու եղբայրները: Թշնամին ֆիզիքական պատերազմով չկրցաւ յաղթել արցախցիին, ներկայիս կը փորձէ հոգեբանական ճնշումի ձեւը: Օգտուելով Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող պատերազմէն եւ միջազգային քաղաքական անկայուն վիճակէն, ան կը փորձէ յառաջ տանիլ իր Արցախը պարպելու քաղաքականութիւնը: Նպատակը հայաթափումն է: Հողը պարպել իր բնիկ, իսկական տէրերէն: Մեր պահանջքը պիտի ամփոփենք քանի մը կէտերու մէջ:

Հայրենիքի սահմաններու  անխախտութիւնը անսակարկելի է, կորսնցնելիք հող չունինք այլեւս: Հայ ժողովուրդը իր ամբողջ պետական, մարդկային ներուժով դէմ կանգնելու է այս նոր մարտահրաւէրին: Այս հարցին մէջ զիջելու տեղ չէ մնացած:

Արցախ կանգնած է մարդասիրական աղէտի առջեւ: Ատրպէյճան կը խախտէ Արցախի ժողովուրդին իր հողին վրայ ազատ ապրելու իրաւունքը, կ'ուզէ կրկնել Նախիջեւանի մէջ պատահածը, պարպել հողը իր բնիկ ժողովուրդէն: Արցախի տագնապը հետզհետէ կը վերածուի մահաբեր տագնապի: Արցախի ժողովուրդը տուած է իր հերոսական որոշումը` ամուր պահել իր պետականութիւնը եւ ապրիլ արժանապատիւ խաղաղութեամբ: Արցախը չի կրնար ըլլալ Ատրպէյճանի կազմին մէջ, որովհետեւ այդ երկրին հիմը ֆաշիզմն է, հայատեացութիւնը:  Արցախեան հիմնահարցը ունի մէկ լուծում, որ պէտք է տեղի ունենայ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային սկզբունքի հիման վրայ: Երկու չափ երկու կշիռ քաղաքականութիւն վարող պետութիւններ ինչպէս որ հիմնեցին Քոսովօ, Հարաւային Սուտան եւ Արեւելեան Թիմոր պետութիւնները, կրնան դիւրութեամբ ընդունիլ Արցախի անկախ գոյութիւն ըլլալու իրաւունքը: Դիւանագիտական լուրջ արշաւ մը պէտք է սկսինք այս ուղղութեամբ: Լոզունգներէ հեռու գետնի վրայ գործելու ժամանակը հասած է: վաղը ուշ պիտի ըլլայ: Ռուսիան որպէս Արցախի ժողովուրդի մեծ բարեկամ, կարեւոր դեր ունի կատարելիք այս ուղղութեամբ:

Արցախահայութիւնը այսօր կրկին կ'ապրի կեանքի տխուր, անորոշ ու վտանգաւոր նոր փուլ մը: Այս փուլը ան այսօր կ՛ապրի նաեւ մեր փոխարէն, որովհետեւ Արցախը, իբրեւ հող հայրենի, միայն արցախահայունը չէ, այլ նաեւ համայն հայութեանն է, եւ համայն հայութիւնը հոն ունի ո՛չ միայն տիրոջ իրաւունքներ ու բարիքներ, այլ նաեւ նոյնքան պարտականութիւններ ու պարտաւորութիւններ: Այսօր ալ, լիբանանահայութիւնը, անցեալի նման,  կրկի՛ն պատրաստ է շարունակելու իր պայքարը յանուն Արցախի ու արցախահայութեան արդար պայքարին:

Այսօր Արցախն է մեր Սարդարապատը: Արցախի միակ շնչափողը հանդիսացող Բերձորի (Լաչինի) միջանցքը փակուած է Ատրպէյճանի կողմէ: Ազերիները իրենց վերահսկողութեան տակ պատանդ կը պահեն 120.000 մարդ, որոնք  կը զրկուին ելեկտրականութեան, կազի, պենզինի, դեղորայքի, ուտելիքի եւ  կենսական այլ անհրաժեշտութիւններէ: Անոնք կ'ապրին բարոյահոգեբանական բարդ տագնապ: Իսկ մենք` իբրեւ լիբանանահայեր, եւ ամէն տեղ ուր որ հայ կայ, մեզմէ իւրաքանչիւրը պատրաստ ու յանձնառու պիտի մնայ, Արցախի ու արցախահայութեան կեանքին մէջ մեր լուման բերելու այդ ազնիւ ժողովուրդի փրկութեան ու բարօրութեան համար: Այս գիտակցութեամբ է, որ այսօր հաւաքուած ենք այստեղ մեր անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնելու արցախցի մեր անվեհեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն:

Ժամն է որ համախմբուի հայ ժողովուրդը իր երեք հիմնական մասերէն մէկը համարուող արցախահայութեան օժանդակելու եւ անոր արդար ձայնը լսելի դարձնելու համար ամբողջ Աշխարհին: Պիտի չընդունինք որ թշնամին լուռ ու մունջ շարունակէ իր անմարդկային, հրէշային ծրագիրը: Պիտի աղաղակենք մեր արդար դատը Աշխարհի խուլ ձեւացող ականջներուն տակ մինչեւ որ ճեղք մը յառաջանայ այդ լռութեան պատին մէջ ու արդարութիւնը յաղթէ:  

Կեցցէ Լիբանանը,

Կեցցեն Հայաստանը եւ Արցախի հանրապետութիւնը,

Կեցցեն Արցախի անվախ մեր քոյրերն ու եղբայրները