ՌԱԿ Յունաստանի Շրջանային վարչութեան հանդիպումը ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Մկրտչեանի հետ
Նախօրօք կարգադրութեամբ, Երեքշաբթի՝ 23 Հոկտեմբեր 2021-ի առաւօտեան ժամը 10։00-ին, ՌԱԿ Յունաստանի Շրջանային վարչութեան պատուիրակութիւնը, բաղկացած ատենապետ ընկ․ Գալուստ Ռուստեմեանէ, փոխատենապետ ընկ․ Հերման Մէնէնտեանէ եւ «Հայ Կեանք» ելեկտրոնային պարբերականի խմբագիր ընկ․ Տիգրան Ապասեանէ այցելեցին Աթէնքի ՀՀ դեսպանատունը հանդիպելու նպատակաւ նորանշանակ դեսպան Տիգրան Մկրտչեանին։
Հանդիպման սկզբնաւորութեան պատուիրակութեան անդամները իրենց ջերմ շնորհաւորութիւնները յայտնեցին արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Մկրտչեանին իր ստանձնած նոր առաքելութեան համար, մաղթելով իրեն լաւագոյն յաջողութիւններ եւ ամենայն բարիք։
Դեսպան Մկրտչեան շնորհակալութիւն յայտնելով այցելութեան համար մասնաւորեց թէ իր նպատակն է կապ պահել գաղութի բոլոր շրջանակներու եւ միաւորներու հետ, համագործակցութեան լաւագոյն արդիւնքներու հասնելու։
Ջերմ մթնոլորտի մէջ շարունակուող զրոյցի ընթացքին դեսպանը հանգամանօրէն ներկայացուց իր դիւանագիտական նախորդ պաշտօնի՝ Պալթեան երկիրներուն մէջ դեսպանի իր առաքելութեան գլխաւոր նուաճումները, որոնք ընդգրկեցին քաղաքական, Հայ դատի հետապնդման, մշակութային եւ միջ-պետական ոլորտները, յատկապէս արցախեան վերջին պատերազմին ու հայրենիքին հանդէպ եղած նկրտումներուն ուղղութեամբ։
ՌԱԿի ներկայացուցիչները անդրադարձան կուսակցութեան ընդհանուր ծրագիրներուն մանաւանդ 100-ամեակի առթիւ տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ, որոնք ժամանակաւոր կասեցուած են թագաժահրի պատճառով։
Անդրադարձ կատարուեցաւ կուսակցութեան ներքին պառակտումին եւ հակականոնագրային գործունէութիւններու ջլատիչ արդիւնքներուն, մասնաւորելով թէ Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութիւնը իր աշխարհասփիւռ շրջանակներով կը շարունակէ սկզբունքային իր ազգային կեցուածքը Հայրենիքի եւ Արցախի իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդի կողքին, հաւատալով ժողովրդավարութեան ընդլայնման եւ հասարակութեան բարեկեցութեան ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն։
ՌԱԿի ներկայացուցիչները իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին նաեւ 44-օրեայ պատերազմէն ետք վերջերս տեղի ունեցած սահմանային մտահոգիչ դէպքերու վերաբերեալ ուր տեղի ունեցան նոր մարդկային եւ տարածքային կորուստներ, միջազգային հանրութեան անտարբեր լրութեան պայմաններու տակ։
Դեսպան Մկրտչեան մանրամասնօրէն բացատրեց պատահած սահմանային մտահոգեցուցիչ դէպքերը որոնց գլխաւոր պատճառը Ատրպէյճանի յարձակողական եւ անզիջող տրամադրութիւններն են եւ որոնք կը դիմագրաւուին լաւագոյն ձեւով։
Մտերմիկ եւ սիրալիր զրոյցի աւարտին պատուիրակութեան անդամները ընդգծեցին գաղութի միասնական աշխատանքներու կարեւորութիւնը մանաւանդ ազգային հարցերու պարագային եւ իրենց դրական տրամադրութիւնը այդ ուղղութեամբ։
ՌԱԿ Յունաստանի Շրջ․ Վարչութեան
Մամլոյ դիւան
23-11-2021