Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան ընտրուտցաւ Պոլսոյ Հայոց 85-րդ Պատրիարք
Այսօր՝ 11 դեկտեմբերին, Գում Գաբուի Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն բարձրացաւ սպիտակ ծուխը: Ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ, Տէր Սահակ Եպս. Մաշալեան ընտրուեցաւ Պոլսոյ պատրիարք:
Այսպիսով, տասներկու տարի թափուր մնալէ ետք, Պոլսոյ պատմական աթոռը ունեցաւ իր գահակալը եւ Սահակ Եպս. Մաշալեան դարձաւ Պոլսոյ 85-րդ պատրիարքը:
Պոլսի Հայոց պատրիարքարանը նոր կազմով, նոր ծրագիրներով ու նախաձեռնութիւններով նոր համայնք պիտի կերտէ: Այս մասին յայտարարեց նորընտիր պատրիարք Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան Սբ Աստուածածին Մայր տաճարի մէջ դիմելով համայնքի ներկայացուցիչներուն, հոգեւորականներուն: «Նորութեան կարիք կայ` հոգեպէս ու մտքով: Մեր հաստատութիւնները նորոգուելու կարիք ունին, իմ ընտրութիւնը առաջին քայլը պիտի ըլլայ: Առաջնորդութեան օրինակ ունինք մեր առջեւ` Յիսուս Քրիստոսը, որ իր աշակերտներու ոտքերը լուաց, ցոյց տուաւ` ինչպէս ըլլալ բարի հովիւ: Այսօր պատրիարք չընտրեցիք, Աստուծոյ եւ ազգի առաջին ծառայ ընտրեցիք»,- «Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ` ըսած է Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան: