Սուրիոյ մէջ Էրտողանի արիւնաշաղախ արշաւը ապակայունացուցած է տարածաշրջանը. Ամերիկայի հայկական համագումարը կը սատարէ ԱՄՆ Էրտողանի այցը չեղարկելու ջանքին
Ներկայացուցիչներու պալատի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էլիոթ Էնկըլը (Դեմոկրատ, Նիւ Եորք) առաջնորդած է Ներկայացուցիչներու պալատի անդամները՝ ճնշելու նախագահ Տանըլտ Թրամփը, որպէսզի չեղեալ յայտարարէ իր հրաւէրը նախագահ Էրտողանին, ընդգծելով, որ «Սուրիոյ մէջ Էրտողանի արիւնաշաղախ արշաւը ապակայունացուցած է տարածաշրջանը եւ վտանգած է ԱՄՆ-ի ազգային անվտանգութիւնը»: Այս մասինկը յայտնեն Ամերիկայի հայկական համագումարէն:
«Նախագահ Էրտողանի որոշումը Հոկտեմբեր 9-ին հիւսիսային Սուրիա ներխուժելու մասին աղէտալի հետեւանքներ ունեցած է ԱՄՆ-ի ազգայինանվտանգութեան համար, յանգեցուցած է ՆԱԹՕ-ի դաշինքին մէջ խորպառակտումներու եւ մարդասիրական ճգնաժամ առաջացուցած: Թրքական ուժերը սպանած են խաղաղ բնակիչներ ու Սուրիոյ դեմոկրատական ուժերու անդամներ՝ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմպայքարին ԱՄՆ-ի կարեւորագոյն գործընկերներ, ինչպէս նաեւ տեղահանած են աւելի քան հարիւր հազար մարդ Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող իրենց օճախներէն»,- գրած են օրէնսդիրները:
«Հաշուի առնելով այս իրավիճակը, մենք հաւատացած ենք, որ այժմ խիստ անհամապատասխան պահ է, որպէսզի նախագահ Էրտողանն այցելէ Միացեալ Նահանգներ եւ մենք ձեզի կոչ կ'ընենք չեղեալ յայտարարելու այդ հրաւէրը»: