Վանեցի հայ կինը վերաթաղած է հայկական աւերուած գերեզմանատան ոսկրակտորները

2021-08-27
Image

Թուրքերը վերջերս աւերած էին Վանի Տուշպա գաւառին ենթակայ եւ Լեզք անուամբ յայտնի Քալեճիք թաղամասի հայկական գերեզմանոցը, որուն հետեւանքով դուրս հանուած էին հանգուցեալներու ոսկորները։ 1915 թ․ Ցեղասպանութենէն ետք՝ Վանի Գեւաշ (պատմական Ոստան) գաւառէն Հայաստանի Հանրապետութիւն տեղափոխուած, սակայն վերջերս վերստին Վանի մէջ բնակութիւն հաստատած Գայեանէ Գէորգեանը այցելած է յիշեալ գերեզմանատուն եւ արտասուելով վերաթաղած հանգուցեալներու ոսկորները։ Այս մասին յայտնած են թրքական լրատուամիջոցները։

Աղբիւրին համաձայն՝ արցունքները զսպել չկրցած Գայեանէ Գէորգեանը ուշադրութիւն հրաւիրած է այն փաստին վրայ, որ Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին գաղթել հարկադրուած հայերու գերեզմանները եւս կ՝ուզեն վերացնել․ «․․․Բազմաթիւ հայեր դեռ իրենց մեծ հայրերու գերեզմանները կ՝որոնեն, գոնէ հանգուցեալներու հանդէպ յարգալից ըլլան»,- ըսած է ան։

Տիկին Գէորգեանը «Մեզոպոտամիա» լրատուական գործակալութեան թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին նաեւ նշած է, որ թրքական իշխանութիւնները կը պատրաստուին հայկական գերեզմանոցի տարածքին վրայ բնակելի տուներ կառուցել, որ անթոյլատրելի է․

«Ներսս տակն ու վրայ կ՝ըլլայ։ Նոյն բանը կը կատարուի Ատրպէյճանի մէջ հայկական գերեզմաններուն նկատմամբ։ Վանի բնակիչներէն կը խնդրեմ, որ այլեւս չփորեն գերեզմաններն ու եկեղեցիները։ Թող անոնք կանգուն մնան, որ հայերը անոնց վրայ մոմ վառեն, աղօթեն, այցելեն այդ վայրերը։ Այս ամէնը շատ ցաւալի է։ Երբեք չեմ մոռնար։ Տեսայ, թէ ինչպէս առաջին անգամ մեքենաներով կը քանդեն գերեզմանոցը, եւ այդ տեսարանը մեծ ցաւ պատճառեց ինծի։ Կ՝ուզեմ հարցս ուղղել այս որոշումը կայացուցած անձերուն․ եթէ ձեր գերեզմանը ըլլար, ինչպէ՞ս պիտի արձագանգէիք»,- ընդգծած է Տիկին Գայեանէն։