Վանի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ այս տարուայ պատարագին սահմանափակ թիւով մարդ կը մասնակցի
Վան նահանգի Աղթամար կղզին գտնուող Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցւոյ մէջ ամէն տարի մատուցուող պատարագին, «Քորոնա» ժահրի համավարակի պատճառով, այս տարի եւս սահմանափակ թիւով մարդ կը մասնակցի։
Akunq.net–ի հաղորդման համաձայն՝ 9-րդ անգամ կազմակերպուող պատարագի նախապատրաստական աշխատանքները արդէն սկիզբ առած են։ Վանի նահանգապետ՝ Մեհմետ Էմին Պիլմեզը յայտարարած է, որ 5 սեպտեմբերին նախատեսուող պատարագի ժամանակ եկեղեցին պիտի գտնուին միայն Կ․Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի պատուիրակութիւնը, որ կազմուած պիտի ըլլայ մօտ 25 հոգիէ եւ խիստ սահմանափակ թիւով մարդիկ։
Աղբիւրը նաեւ յիշեցուցած է, որ եկեղեցւոյ վերականգնումը սկսած էր 2005-ին եւ աւարտած 2007-ին, որմէ ետք ան բացուած էր որպէս «յուշարձան-թանգարան»։ Առաջին պատարագը այստեղ մատուցուած էր 2010-ի 19 սեպտեմբերին։
Վանի նահանգապետը նաեւ յայտնած է, որ պատարագի համար Հայոց պատրիարքարանին ամէն տեսակի աջակցութիւն կը ցուցաբերուի։ Պատարագի արարողութիւնը պիտի ցուցադրուի ուղիղ եթերով, սակայն եկեղեցւոյ ներսը ամենաշատը 50 հոգի ներկայ պիտի ըլլայ։