Վերականգնումի Մարմինին կողմէ վաւերացուած դիմումագիրները պիտի արժանանան համապատասխան նիւթական հատուցումի. Հաղորդագրութիւն
Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինը կը ծանուցէ, թէ ամբողջացուցած է Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքով մեր հայրենակիցներուն կրած բնակարանային վնասներու արձանագրութեան առաջին եւ երկրորդ փուլի աշխատանքները, ստանալով 1485 դիմումնագիրներ:
Առաջին հանգրուանով, արձանագրութիւնները կատարուած են հայկական 14 եկեղեցիներու մէջ, իսկ 2-րդ հանգրուանով՝ 5 եկեղեցիներու մէջ։ Աշխատանքի յաջողութեան համար, աւելի քան 150 կամաւոր երիտասարդներ իրենց աջակցութիւնը ընծայած են այս կարեւոր գործին։
Առ ի գիտութիւն, յայտնենք, որ անցնող երկու շաբաթներուն, կամաւոր ճարտարապետներէ եւ մասնագէտներէ կազմուած յանձնախումբ մը, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս ուսումնասիրելով ներկայացուած դիմումնագիրներն ու բնակարանային վնասներու թղթածրարները, զանոնք բաժնած է 5 խմբաւորումներու՝ սկսելով ամենաքիչ վնասներ կրած բնակարաններէն մինչեւ ամենաշատ վնասներ կրած բնակարանները։ Այս առիթով, կը հաստատենք, որ Մարմինին կողմէ վաւերացուած դիմումագիրները պիտի արժանանան համապատասխան նիւթական հատուցումի։ Նշենք, որ լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինը աջակցութիւն պիտի ընծայէ միայն վնասուած բնակարաններու հիմնական նորոգութեան գործին (դուռ, պատուհան, պատ․․․) եւ ոչ կահ կարասիի կամ այլ վնասուածներու, որպէսզի մինչեւ աշնանամուտ կարելի ըլլայ մեր հայրենակիցներուն տուները դարձնել ապահով ու բնակելի։
Կ՛անդրադառնանք, որ ճգնաժամը մեծ է եւ մեր ժողովուրդը կը դիմագրաւէ աննախընթաց տագնապ։ Մեր հայրենակիցներուն վնասուած բնակարանները նորոգելու աշխատանքին տրամադրելով իր աջակցութիւնը, Վերականգնումի Մարմինը կը ջանայ առաւելագոյն չափով թեթեւցնել մարդոց կրած վնասներուն բեռը։
Դրամական հատուցումի աշխատանքը պիտի սկսի յառաջիկայ շաբաթ՝ Ազգային Միացեալ վարժարանէն ներս, վերահսկողութեամբ Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինի անդամներուն, Ազգսյին Առաջնորդարանին եւ աջակից կամաւորներու, որոնք օժանդակութեան դիմողներուն հեռաձայնով կանխաւ պիտի փոխանցեն ժամադրութեան տուեալները։ Յոյսով ենք, որ յատկապէս ներկայ համաճարակի վտանգաւոր պայմաններուն մէջ, մեր ժողովուրդը կը հետեւի ճշդուած գործընթացին եւ կարգապահութեամբ կը դիւրացնէ աշխատանքը:
Վստահ ենք, որ համագործակցութեամբ ու հասկացողութեամբ, կարելի պիտի ըլլայ ամենակարճ միջոցին աւարտել այս աշխատանքը եւ անցնիլ յաջորդ ծրագիրներու իրականացման։
ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ