Վերանորոգուած Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ առաջին պատարագը պիտի մատուցուի Մայիս 8-ին

2022-05-04
Image

Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները աւարտած են։ Սուրբ Կիրակոսի վերաբացումը նախատեսուած է Մայիս 7-ին, իսկ առաջին պատարագը՝ Մայիսի 8-ին։

Աիս մասին կը յայտնէ Akunq.net-ը՝ հիմնուելով Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ հիմնադրամի ղեկավար խորհուրդէն ստացած տեղեկութեան վրայ։

Ըստ աղբիւրին՝ Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցին մեծ վնասներ կրած էր Տիարպեքիրի մէջ թուրք-քրտական հակամարտութեան հետեւանքով։ Այդ պատճառով եկեղեցին 2015-էն ի վեր փակ էր։

Եկեղեցւոյ պաշտօնական վերաբացումը պիտի կայանայ Մայիս 7-ին, ժամը 16։00-ին։ Անիկա վերանորոգուած է Թուրքիոյ շրջակայ միջավայրի եւ քաղաքաշինութեան նախարարութեան կողմէ։

Յիշեցնենք, որ Մերձաւոր Արեւելքի ամենամեծ եկեղեցիներէն մէկը համարուող Սուրբ Կիրակոսը Ցեղասպանութենէն ետք վերանորոգուած եւ վերաբացուած էր 2011թ․։

Թէեւ եկեղեցին չունէր մշտական սպասաոոր, սակայն անոր գոյութիւնը ինքնին էական դեր կը խաղար Տիարպեքիրի հայութեան վերազարթօնքի եւ այստեղի հայկական համայնքի վերակազմակերպման առումներով։

Մելինէ Անումեան

Լուսանկարը՝ Կարօտ Սասունեանի

Akunq.net