Վրաստանի մէջ անյայտ անձեր վնասած են հայկական եկեղեցւոյ մերձակայքը գտնուող գերեզմանատան տարածքը
Ոստիկանութիւնը սկսած է հետաքննութիւն Ախալքալաքի շրջանի Կոման գիւղին մէջ մշակութային ժառանգութեան յուշարձանը վնասելու փաստի առթիւ․ անյայտ անձինք փորած են հայկական եկեղեցւոյ տարածքը, ուր կը գտնուի հին գերեզմանոցը։ Այդ մասին յայտնած է Վրաստանի Մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան ազգային գործակալութեան մամուլի ծառայութիւնը, կը հաղորդէ «Նովոսթի-Կրուզիա»-ն։
Խօսքը կը վերաբերի եկեղեցւոյ, որ կը թուագրուի 19-րդ դարու կէսերուն։ Ընդ որում՝ Կոմանը կարեւոր է հին աշխարհի պատմութիւնը ուսումնասիրելու տեսանկիւնէ։ Հնագէտները բազմիցս յայտնաբերած են այդտեղ կաւէ սպասքի բեկորներ, որոնք կը թուագրուին պղինձի եւ վաղ երկաթի դարերուն։
«Տեղանքը ուսումնասիրելէ ետք արդէն հաստատուած են ծանր սարքերու աշխատանքի հետքերը եկեղեցւոյ տարածքին։ Մասնագէտները յայտնաբերած են մարդկային ոսկորներ, որոնք անկանոն կերպով տարածուած են եկեղեցւոյ շուրջ։ Եկեղեցւոյ մուտքին մօտ տեղադրուած քարը նոյնպէս վնասուած է»,-հաղորդած են կառոյցէն։
Վրաստանի ՆԳՆ-եան կողմէ յարուցուած է քրէական գործ բողոքի դիմում ստանալէ ետք։ Կը նշուի, որ ոստիկանները պէտք է պարզեն խումբը, որ կատարած է անօրինական աշխատանքները մշակութային ժառանգութեան յուշարձանի տարածքին։
Քննութեան զուգահեռ մասնագէտները պէտք է պարզեն կառոյցին հասցուած վնասի աստիճանը։