Տիարպեքիրի հայկական եկեղեցին վերանորոգուելէ ետք յանձնուած է տեղի համալսարանի տնօրինութեան

2021-12-10
Image

Տիարպեքիրի Սուրբ Յովսէփ հայ կաթոլիկ եկեղեցին պետութեան կողմէ վերանորոգուելէ ետք՝ 10 տարիով յանձնուած է Տիարպեքիրի «Տիճլէ» համասարանի տնօրինման: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով rudaw.net-ը։

Տիարպեքիրի Սուր կեդրոնական շրջանին մէջ տեղակայուած եկեղեցին լրջօրէն վնասուած էր 2015-ին այդտեղ թրքական ուժայիններու եւ «Քիւրտստանի բանւորական կուսակցութիւն» (PKK-ՔԲԿ) ռազմաքաղաքական կազմակերպութեան զինեալներուն միջեւ տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին:

Թուրքիոյ Հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութեան կողմէ վերանորոգուած հայ կաթոլիկներրու համայնքին պատկանող եկեղեցին Տիճլէի համալսարանին կողմէ 10 տարի պիտի օգտագործուի կրթական եւ մշակութային նպատակներով: Ատով յանդերձ պահպանուած է նաեւ հայ կաթոլիկ համայնքի՝ եկեղեցւոյ մէջ պատարագներ իրականացնելու իրաւունքը:

Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ Լեւոն արքեպիսկոպոս Զէքիյեան վերանորոգումէն ետք օրհնած է եկեղեցին ու այնտեղ երկարատեւ ընդմիջումէ ետք իրականացուցած առաջին պատարագը:

Զէքիյեան գոհունակութիւն յայտնած է, որ 100 տարի անց համայնքին
իրաւունք ընձեռուած է պատարագ կազմակերպելու:

Նշենք, որ 2013թ. եւս Սուրի հայկական եկեղեցին վերանորոգուած էր, որմէ ետք կ՝օգտագործուէր իբրեւ գորգերու արհեստանոց: