Տոմսքի մէջ հայեր ծեծած ատրպէյճանցիներուն դէմ քրէական գործ յարուցուած է
Տոմսքի պարերէն (գինետուն) մէկուն մէջ հայերու վրայ յարձակած ատրպէյճանցիներու դէմ քրէական գործ յարուցուած է Ռուսաստանի Քրէական օրէնսգիրքի 2 յօդուածով (ազգամիջեան երկպառակութեան հրահրում եւ ծեծ): Այս մասին ըսած է Ռուսաստանի հայերու միութեան փոխնախագահ Գերման Անանեանցը:
Անոր պարզաբանմամբ՝ միջադէպը, որու քատրերը վերջերս յայտնուած էին, տեղի ունեցած է նուազագոյնը 2 շաբաթ առաջ:
Գերման Անանեանցի խօսքով՝ ատրպէյճանցիներու յարձակման հետեւանքով երեք հայեր յայտնուած են հիւանդանոցը, անոնք հիմա արդէն տունն են:
«Ծեծկռտուքի ժամանակ ատրպէյճանցիներն իրենց թոյլ են տուել ազգայնական, հակահայկական բնոյթի պղաւոցներ՝ հայերից պահանջելով լքել պարը: Այժմ ատրպէյճանցիներից մէկը կալանաւորուել է եւ քննչական մարմնին ցուցմունք է տալիս, եւս մէկը հետախուզման մէջ է: Վերջինին, համոզուած եմ, շուտով կը գտնեն: Ծեծկռտուքի բոլոր մասնակիցները Ռուսաստանի քաղաքացիներ են»,- ըսած է Գերման Անանեանցը:
Ան շեշտած է, որ իրավիճակը ոչ միայն դատախազութեան վերահսկողութեան տակ է, այլեւ Ռուսաստանի հայերու միութեան Տոմսկի մարզի տարածաշրջանային բաժանմունքի նախագահի, որ նախապէս Ներքին գործոց նախարար գնդապետ եղած է:
«Տեղական իշխանութիւններն ամբողջութեամբ մեզ են աջակցում: Այս գործընթացը կը հասցուի մինչեւ վերջ»,- հաւաստիացուցած է Անանեանցը: