Ցաւակցագիր Ռոմէն Կոզմոյեանի. Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն
ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը սրտի խոր ցաւով իմացաւ մահուան գոյժը Խորհրդային Հայաստանի Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի փոխնախագահ Ռոմէն Կոզմոյեանի:
Ռոմէն Կոզմոյեան բարձր մակարդակի պետական գործիչ էր: Ան վարած է բազմաթիւ պաշտօններ՝ Պէյրութի մէջ Խորհրդային Միութեան դեսպանատան պաշտօնեայ, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան խորհրդական եւ ԱԱԾ նախկին սպայ՝ գնդապետ: Ան իր գիտելիքները, դիրքն ու կապերը օգտագործեց ծառայելու համար մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ուր որ ալ գտնուեցաւ եւ ինչ պաշտօն որ ստանձնեց: Ան օգնեց ուսանողին ուսանելու համար հայրենիքի մէջ, օգնեց ներդրում կատարողին, որ օժանդակէ Հայաստա-Սփիւռք կապի զարգացումին եւ Հայաստանի տնտեսութեան վերելքին, օգնեց մշակութային կամ մարզական միութիւններուն խումբ հրաւիրելու համար Հայաստանէն կամ խումբ ուղարկելու հայրենիք: Միշտ պատրաստ էր գործը դիւրացնելու, ազգաշէն բոլոր ծրագիրները քաջալերելու համար։ Կը զգար տարագիր հայ մարդուն ծարաւը հայրենիքի հանդէպ ու ճիգ չէր խնայեր քաջալերելու համար ամէն նախաձեռնութիւն: Տարագիր արեւմտահայութեան մեծ բարեկամն էր հայրենիքի մէջ: Ճիշդ անձն էր ճիշդ պաշտօնին վրայ:
Այս տխուր առիթով, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը իր խորազգաց ցաւակցութիւնը կը յայտնէ Ռոմէն Կոզմոյեանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ գաղափարի ընկերներուն: Հողը թեթեւ գայ վրադ ազնիւ հայորդի, դուն որ քեզի վստահուած գործը կատարեցիր հաւատարմութեամբ եւ անկեղծութեամբ, հասար բոլորին անխտիր: Խունկ ու աղօթք քու պայծառ յիշատակիդ առջեւ: Աստուած քու հոգիդ պահէ լոյսերու մէջ:
Ի Դիմաց`
Ռ.Ա.Կ.Լիpանանի Շրջանային Վարչութեան
Ատենադպիր Ատենապետ
Վ.Թոսունեան Տոքթ.Աւետիս Տագէսեան