Փայլան պատասխանած է իրեն սպառնացող թուրք պատգամաւորին
Թուրքիոյ խորհրդարանի ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան (ԺԴԿ-HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը արձագանգած է իր հասցէին սպառնալիքներ հնչեցուցած թուրք անկախ պատգամաւոր Ումիթ Օզտաղի գրառման: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber-ը։
«Ժողովուրդս բնաջնջելու մտածելակերպը կրող թափթփուկը կ՝ըսէ ՝ կրկին կ՝ընենք (կը բնաջնջենք-խմբ.):
Դուք կրակեցի՞ք ու մենք չմահացա՞նք: Մահացանք: Սակայն, անոնք, որոնք մնացած են, չեն դադրեցուցած արդարութեան համար մղուող պայքարը եւ ինձմէ յետոյ ալ պիտի չի դադրեցնեն,- ըսած է Փայլան՝ շարունակելով,- Այս երկրի բարեխիղճ մեծամասնութիւնը ասպարէզը պիտի չի ձգէ քեզի պէս ֆաշիստներուն եւ չի ալ ձգեր…»:
Իբրեւ աջակցութիւն Փայլանի՝ կուսակցական շարք մը գործիչներ հանդէս եկած են Օզտաղը քննադատող յայտարարութիւններով:
Յիշեցնենք, որ Օզտաղը անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին առիթով Փայլանի Twitter-ի գրառման, վերջինիս սպառնացած է Թալէաթ փաշայի եղեռնագործութեամբ: