Քալիֆորնիոյ Վան Նայսի Սուրբ Պետրոսի Եկեղեցին վանդալութեան ենթարկուած է
Քալիֆորնիոյ Վան Նայսի Սուրբ Պետրոսի հայկական եկեղեցին հինգշաբթի օրը վանդալութեան ենթարկուած է։ Կոտրուած է եկեղեցւոյ 8 շատ հազուադէպ գունաւոր գծագրուած ապակիներու (վիթրաժ)։
Սուրբ Պետրոսի եկեղեցւոյ քահանայ Տէր Շնորհք Տեմիրճեանը Զանգուածային լրատուական Միջոցներուն յայտնած է, որ տեսահսկման տեսախցիկներու ձայնագրութիւնները ցոյց տուած են, որ հինգշաբթի առաւօտեան ժամը 1:30-ին յարձակողը սեւ հագուստով եւ գլխարկով եղած է եւ պայուսակ ունեցած է։ Ան այդ ժամանակ պեյսպոլի մահակով սկսած է ջարդել Շերման Ուէյ գտնուող վիթրաժային պատուհանները:
Եկեղեցական խորհուրդը վանդալիզմի մասին իմացած է հինգշաբթի վաղ առաւօտեան, եւ անմիջապէս տեղեկացուցած Լոս Անճելըսի ոստիկանութեան, որ յայտարարած է, որ աշխուժօրէն կը հետաքննէ միջադէպը:
Ոստիկանութիւնը միջադէպը որակած է որպէս «վանդալութիւն»։