Ֆրանսահայերը կ'ահազանգեն Փարիզի քաղաքապետի թեկնածուի եւ Ատրպէյճանի իշխանութեան կապերու մասին
Փարիզի քաղաքապետի ընտրութիւններուն որպէս թեկնածու առաջադրուած Ռաշիտա Տաթին սերտ կապեր ունի Ատրպէյճանի իշխանութիւններու հետ: «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին Marianne օնլայն հարթակին հրապարակուած յօդուածին մէջ կ'ահազանգեն Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահներ Մուրատ Փափազյանը, Արա Թորանեանը («Nouvelles d’Arménie» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր) եւ Իլ տե Ֆրանսի քաղաքային խորհուրդի անդամ Պատրիկ Քարամը:
Յօդուածին մէջ նշուած է, որ Տաթին յայտնի է մենատիրական եւ ոչ ժողովրդավար Ատրպէյճանի իշխանութեան հետ իր սերտ կապերով: Ան եղած է Ատրպէյճանի բարեկամներու միութեան անդամ, որ համարուած է Ֆրանսայի մէջ «խաւիարային դիւանագիտութեան» գլխաւոր գործիքը:
«Արժէ՞ յիշեցնել, որ մատամ Տաթին, որ կը յայտարարէ Պաքուին իր սատարման մասին, դէմ արտայայտուած է 2017-ին Եւրախորհրդարանին մէջ հետաքննութեան` եւրոպացի քաղաքական գործիչներու վրայ Ատրպէյճանի կողմէ անօրինական միջոցներով ճնշում գործադրելու հարցով»,- նշուած է յօդուածին մէջ:
Ռաշիտայի մտերմութիւնն Ալիեւի ռեժիմի հետ վառ արտայայտուած է անոր կողմէ 2011-ին Ատրպէյճանի առաջին տիկին Մեհրիպան Ալիեւայի պատուոյն կազմակերպուած մեծ խնճոյքի ընթացքին: Փարիզի քաղաքապետի թեկնածուն յատկապէս 2016-ին Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած Ապրիլեան պատերազմէն ետք հանդէս եկած է Լեռնային Ղարաբաղ բնակող հայերու դէմ յայտարարութիւններով:
Յօդուածի հեղինակները յոյս յայտնած են, որ Ռաշիեա Տաթին կը դադրեցնէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու հետ իր արտօնեալ յարաբերութիւնները:
Ֆրանսիայի մէջ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 15-22 մարտին: