Ֆրանսայի եւ Հայաստանի դեսպանները յարգանքի տուրք մատուցած են Կոմիտաս վարդապետի պղծուած արձանի մօտ

2020-09-01
Image

Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեանը եւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոթը Փարիզի մէջ յարգանքի տուրք մատուցած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին՝ Կոմիտաս վարդապետի արձանի մօտ, որ ժխտողական մակագրութեամբ պղծուած էր նախօրէին։

Այս մասին կը յայտնէ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան «Ֆեյսպուք»ի պաշտօնական էջը:

«Այսօր Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեանը, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոթը, ինչպէս նաեւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի CCAF France համանախագահներ Արա Թորանեանը եւ Մուրատ Փափազեանը Փարիզի մէջ յարգանքի տուրք մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին՝ Կոմիտաս վարդապետի արձանի մօտ, որ ժխտողական մակագրութեամբ պղծուած էր նախօրէին»,- ըսուած է գրառման մէջ: