Mարդասիրական oժանդակութիւնները շարունակելու անյապաղ կարիք կայ. Լոս Անճելըսի ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոսութեան Մամլոյ Ասուլիսը

2020-10-30
Image

Չորեքշաբթի 21 Հոկտեմբերին, Հ․Հ,ի Գլխաւոր Հիւբատոս Արմէն  Բայբուրթեանի հրաւէրով Մամլոյ Ասուլիս մը կազմակերպուած էր Կլենտէյլի Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր Հիւպատոսարանէն ներս։

Կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, գլխաւոր հիւպատոսը կոչ ուղղեց Լոս Անճելըսի Հայ համայնքին, որ մարդասիրական oժանդակութիւնները շարունակելու անյապաղ կարիքը կայ հասնելու Լեռնային Ղարաբաղի կարիքներուն։

Գլխաւոր Հիւպատոսութեան կողմէ արդէն երկու օդանաւային թռիչքով,անցնող շաբթուան ընթացքին, դեղորայք ու այլ պիտանի օժանդակութիւն փոխադրուած է Հայաստան։

Բայբուրդեան նաեւ յայտնեց ներկաներուն, թէ հիւպատոսարանէն ներս հոկտ․15ին Համահայկական խորհուրդին կողմէ սկսուած հանկանակութեան արշաւը ի նպաստ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին, արդէն հասած է 3.2 Միլիոն Տոլարի, ու տակաւին կը շարունակուի Լոս Անճելըսի հայկական գաղութէն ներս, ու շատ մը կազմակերպութիւններ կը կրկնապատկեն իրենց հանքանակած նուիրատուութիւնները։

Գլխաւոր հիւպատոսը նաեւ անդրադարձաւ Հոկտ․ 10ի եւ 17ի համաձայնուած մարդասիրական հրադադարներուն, որոնք բիրտօրէն խախտուած էին Ատրպէյճանի կողմէ, պատրուակելով որ Մինսկի խմբակը չէր կրցած լուծում գտնել դիւանագիտական մօտեցումով Լեռնային Ղարաբաղի հարցը կարգաւորելու։

Իսկ Թուրքիան վարձկան ահաբեկիչներ տեղափոխելով Ատրպէյճան, կը փորձէ տարածքաշրջանը դարձնել անապահով, իրականացնելու համար իր դարաւոր Թուրանական երազը։

Ասուլիսի աւարտին դարձեալ կոչ եղաւ դիմելու համայնքային մարմիններուն, որ գաղութի կողմէ շարունակուի նպաստել Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին։