«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի 33-րդ տարեկան նիստը

2023-07-07
Image

Քաղաքամայր Երեւանի մէջ, Շաբաթ, Յունիս 24-ին գումարուեցաւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի 33-րդ տարեկան նիստը, զոր կը վարէր Հիմնադրամի նախագահը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը։ 

Նիստին կը մասնակցէին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, Ազգային Ժողովի Նախագահ Ալէն Սիմոնեանը, Սահմանադրական Դատարանի նախագահ Արման Դիլանեանը եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներ։

Ինչպէս ծանօթ է, Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդին անդամ է նաեւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ ընկեր Մայք Խարապեան որ, յարգելի պատճառներով կը բացակայէր նիստէն եւ զինք պաշտօնապէս կը փոխարինէր Կեդրոնական Վարչութեան փոխ ատենապետ Ընկեր Ալեքսան Գարատանայեան։

Նիստի պաշտօնական մասնակիցներէն էր նաեւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկեր Հայկ Լեփեճեան, որ նախագահն է Հիմնադրամի Աւստրալիոյ յանձնաժողովին։

Գերաշնորհ Տ. Նաթան Արքեպիսկոպոսի օրհնութենէն ետք ընթացք առաւ նիստը։ Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեան իր ընդարձակ զեկոյցով ներկայացուց Արցախի եւ Հայաստանի մեր անցած տարուան ընթացքին իրականացած առողջապահական, ընկերային, բնակարանաշինութեան, կրթական, վերականգնուող ուժանիւթի եւ մշակոյթի լայնածաւալ ծրագիրներուն մասին։ Յստակ տեղեկութիւններ տուաւ նաեւ այլ նախագիծներու ընթացքին կապակցութեամբ։

Քննարկուեցաւ 2022-ի հաշուետուութիւնը։ Քննարկուեցան նաեւՀիմնադրամի 2023-ի ամավարկը եւ հետագայ ծրագիրները։