Այսօր Արցախի անկախութեան օրն է
Այսօր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Անկախութեան օրն է։ 28 տարի առաջ՝ 2 Սեպտեմբերի 1991–ին, ժողովրդական պատգամաւորներու Լեռնային Ղարաբաղի մարզային Խորհուրդի, Շահումեանի շրջանային Խորհուրդի եւ բոլոր մակարդակներու Խորհուրդներու պատգամաւորներու համատեղ նստաշրջանը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման եւ անոր պետական իշխանութեան ու կառավարման ժամանակաւոր մարմիններու ձեւաւորման մասին հռչակագիր ընդունեց՝ համապատասխան ԽՍՀՄ օրէնսդրութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային իրաւական փաստաթուղթերուն մէջ ամրագրուած ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին:
Այդ օրուընէ սկսաւ Արցախի՝ որպէս անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն ժամանակակից պատմութիւնը:
Աւելի ուշ, օգտագործելով ինքնուրոյն հանրաքուէ իրականացնելու եւ սեփական պետաիրաւական կարգավիճակի մասին հարցադրման իրաւունքը, որ ամրագրուած է միութենական օրէնսդրութեան մէջ, ԼՂՀ ժողովրդական պատգամաւորներու խորհուրդը որոշում ընդունեց հանրապետութեան անկախութեան մասին հանրաքուէ իրականացնելու շուրջ: 10 Դեկտեմբեր 1991-ին կայացած հանրաքուէին, որ անցած է հայկական բնակավայրերու անդադար հրետակոծութեան ներքոյ, մասնակցեր է գրանցուած քաղաքացիներու 82.2%-ը: Քուէարկածներու 99.89%-ը հանդէս եկեր է Ատրպէյճանէն անկախանալու օգտին: Հանրաքուէի արդիւնքները, անոր ժողովրդավարական եւ թափանցիկ ըլլալը հաստատած էին արտասահմանեան անկախ դիտորդները:
Հանրաքուէին հետեւած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընտրուեցաւ ԼՂՀ խորհրդարանը, որ իր հերթին կազմեց առաջին կառավարութիւնը: Անկախ ԼՂՀ կառավարութիւնն իր պարտականութիւններու իրականացման անցաւ բացարձակ շրջափակման եւ անոր հետեւած Ատրպէյճանի ռազմական յարձակումներու պայմաններու տակ:
Արցախի անկախութեան ճանապարհը դեռ լի է բազմաթիւ խոչընդոտներով: Արցախը թերեւս ամէն օր ստիպուած է դիմակայելու ատրպէյճանական թշնամանքը: Անկախութեան հռչակման հետեւած 28 տարիներու ընթացքին աշխարհի որեւէ պետութիւն չէ ճանչցած Արցախի անկախութիւնը: Հակառակ անոր՝ այսօր արդէն Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը կայացած է որպէս ինքնիշխան, ժողովրդավարական պետութիւն: