Կիպրոսի ՌԱԿ-ի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան
Սեպտեմբեր 11-ին, Կիպրոսի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Շրջանային Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւնը այցելեց Ազգային Առաջնորդարան, ուր հանդիպում ունեցաւ Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի հետ:
Խօսակցութեան ընթացքին արծարծուեցան կիպրահայ գաղութը մտահոգող հարցեր, ի մասնաւորի` վերջին ամիսներուն Արցախի շուրջ ծաւալուող մտահոգիչ իրադարձութիւնները եւ հոն բնակուող հայութեան մտահոգիչ իրավիճակը:
Պատուիրակութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնեց իր մասնակցութիւնը բերել ի նպաստ կիպրահայութեան եւ մասնաւորաբար արցախահայութեան սատարելու ուղղութեամբ տարուող ջանքերուն:
Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Անթիլիասի մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ երեք կուսակցութիւններու եւ լիբանանահայ հոգեւոր պետերու վերջերս տեղի ունեցած հանդիպումի կարեւորութեան: Ապա ներկաներուն փոխանցեց իր քաջալերանքը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց շահեկան հանդիպումի համար: