Կոչ՝ Մեր Պարտքն Է Ձեռք Մեկնել Արցախի Մեր Հարազատներուն

2023-10-12

Բոլորս ալ տեղեակ ենք թէ ինչպիսի՜ սեւ ճակատագիր վիճակուեցաւ  Արցախի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, որոնք ստիպուեցան արմատախիլ ըլլալ իրենց պապենական դարաւոր բննօրանէն, ծանրագոյն հոգեվիճակով եւ շատ թշուառ պայմաններու ներքոյ։

Բացայայտ է նաեւ որ չախչապիչ մեծամասնութիւնը բռնի կերպով տեղահանուած մեր հարազատներուն ունին ծով կարիքներ, որոնք անհրաժեշտ է որ հոգացուին անմիջականօրէն եւ հետեւողական կերպով։ Չենք կրնար, անշուշտ, մեղմել իրենց սրտաճմլիկ վիշտը։ Կրնանք, սակայն, եւ անպայմանօրէն պարտինք հոգալ իրենց անմիջական պէտքերը։ Ասիկա, մեզմէ իւրաքանչիւրին, անսակարկելի պարտքն է։

Ուրեմն, անհրաժեշտ է որ անմիջապէս գործի լծուինք, որպէսզի հնարաւորին չափ շուտ եւ շարունակաբար տեղ հասցնենք մեր օժանդակութիւնները։ Դրամական կենսական յատկացումներէ բացի, ի հարկէ, մեծ կարիք կայ նաեւ հագուստեղէնի եւ դեղորայքի։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է որ, առաւելագոյն ճիգերով, աշխատանք տարուի ոչ միայն դիմելով մեր անմիջկան շրջակայքի բոլոր անդամներուն , այլ՝ օտարազգի կարեկից մեր ծանօթներուն բարեխղճութեան եւս։

Ճշմարիտ հայրենասիրութիւնը գործնականօրէն ցուցաբերելու պահն է հիմա։

Բոլորս պատուով դիմագրաւենք այս մարտահրաւէրը։

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ