Հաղորդագրութիւն Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան
Հաղորդագրութիւն Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը իր 5 Ապրիլ 2022 թուակիր հաղորդագրութեան մէջ հաստատած էր, թէ նեցուկ պիտի կանգնի հայ ազգային կուսակցութիւններու թեկնածուներուն: Հաւատարիմ իր խոստումին, Ռ.Ա.Կ. կատարեց իր պարտականութիւնը եւ այդ թեկնածուներէն երեքը ընտրուեցան Լիբանանի Խորհրդարանի անդամ:
Այս առիթով, Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը կը շնորհաւորէ Լիբանանի Խորհրդարանի ընտրութեան իր սատարած եւ ընտրուած թեկնածուները, որոնք պիտի ներկայացնեն լիբանանահայ համայնքը նոր Խորհրդարանին մէջ: Այդ թեկնածուներն են՝ Պէյրութի առաջին ընտրաշրջանէն Յակոբ Թերզեան, Լեռնալիբանանի Մեթնի շրջանէն Յակոբ Բագրատունեան եւ Պեքաայի շրջանէն Ճորճ Պուճիքեան: Լիայոյոյս ենք, որ վերոյիշեալ երեսփոխանները լաւ ձեւով պիտի ներկայացնեն լիբաանանահայ համայնքը եւ վստահ ենք, որ դրական լիցք պիտի ապահովեն Խորհրդարանի աշխատանքին:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը պիտի համագործակցի ընտրուած երեսփոխաններուն հետ ի փառս մեր համայնքին եւ սիրելի Լիբանանին: Կուսակցութիւնը յաջողութիւն կը մաղթէ ընտրուած վերոյիշեալ երեսփոխաններուն իրենց կատարելիք գործունէութեան մէջ:
Ռ.Ա.Կ.Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն
Պէյրութ, 18 Մայիս 2022