Հայաստանի Հանրապետութեան բանակը այսօր կը տօնէ իր հիմնադրութեան 28-րդ տարեդարձը
Հայկական բանակը կազմաւորուած է այն բարդ ժամանակաշրջանին, երբ աշխարհաքաղաքական դաշտին մէջ Խորհրդային Միութիւնը կ'ապրէր իր գոյութեան վերջին ամիսները, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ առաջին փլան մղվուած էր ինքնորոշման իրաւունքը, որ հաստատելու համար հայ ժողովրդը պէտք էր անցնէր պատերազմի` Ղարաբաղեան պատերազմի թոհուբոհի մէջէն:
Խորհրդային Միութեան ընդհանուր միջավայրին մէջ իր առաջին ծիլերը ունեցած հայոց բանակը ժամանակ չունէր դանդաղելու եւ 1992-ի յունուարի 28-ը, երբ ՀՀ Գերագոյն խորհուրդի նախագահի հրամանագրով ստեղծուեցաւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը, Հայոց բանակը կազմաւորուեցաւ 4-4,5 տարիներու ընթացքին։
Հայոց բանակը իր առաջին «արեան մկրտութիւնը» ստացաւ հայ-ատրպէյճանական պատերազմի տարբեր փուլերուն՝ Հայաստանի եւ Արցախի բնակչութեան ռազմական անվտանգութիւնը ապահովելու գործի ժամանակ:
Այս գործընթացին իրենց աշխոյժ մասնակցութիւնն ունեցան ինչպէս Խորհրդային համակարգի մէջ ռազմական կրթութիւն ստացած հայրենասէր սպաները, այնպէս ալ հայ կամաւորականութիւնը, որ դարձաւ բանակի ողնաշարը:
Իսկ արդէն 1994-ի յունիսէն վերջնականապէս ընթացք ստացան բանակաշինութեան, կայուն զարգացման, զօրքերու մարտունակութեան բարձրացման, կարգապահութեան ամրապնդման, միջին եւ բարձր սպայական անձնակազմի պատրաստման ու վերապատրաստման աշխատանքները:
Այս բոլորի շնորհիւ այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերը կազմուած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն եւ հինգ բանակային կորպուսներէ։
Ինչպէս երէկ, այսօր եւ վաղն ալ Հայոց բանակը կը շարունակէ մնալ մեր պետականութեան անվտնագութեան թիւ մէկ գրաւականն ու երաշխիքը։