Հանդիպում «Քաղաքացիական Պայմանագիր» Կուսակցութեան Բարձրաստիճան Պաշտօնատարներու Հետ
Չորեքշաբթի, Յունիս 5-ին, «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան արտաքին կապերու պատասխանատու Նարեկ Մկրտչեանը, Վարչութեան փոխ նախագահ Վահագն Ալեքսանեանը եւ Վարչութեան անդամ Ռուբէն Ռուբինեանը հանդիպում մը ունեցան Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ ընկեր Մայք Խարապեանին, փոխ ատենապետներ ընկեր Ասատուր Տէվլեթեանին եւ Ալեքսան Գարատանայեանին, ատենադպիր ընկեր Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեանին եւ ՌԱԿ Հանրապետական Վարչութեան փոխ ատենապետ ընկեր Կարէն Կակոյեանին հետ։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններուն և Հայստանի մէջ իրականացուող ընկերային ծրագիրներուն առնչուող, ինչպէս նաեւ այլ հարցեր։
Յաւելուածաբար, համաձայնութիւն գոյացաւ շարունակելու երկու կուսակցութիւններուն միջեւ երկխօսութիւնը։