Յուշում Հայրենադարձ Հայուն՝ «Հայաստան – Տունը Սպասում Է Քեզ»

2023-07-25
Image

Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատարի Գրասենեակի հայրենադարձի եւ միաձուլման բաժանմունքը պիտի օժտուի առանձին կեդրոնով մը, նկատի ունենալով կարեւորութիւնը անոր կատարած եւ յառաջիկային եւս կատարելիք յոյժ պիտանի առաքելութեան։

Քաղաքամայր Երեւանի Հանրապետութեան փողոցի վրայ գտնուող (թիւ 37) կեդրոնի բացման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, Յուլիս 27-ի կէսօրուան ժամը 12-ին։ Արարողութեան պիտի մասնակցի եւ ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Պարոն Նիկոլ Փաշինեանը։

Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատարի Գրասենեակի ռազմավարութիւններու մշակման բաժնի պետ, հայրենադարձի հարցերու պատասխանատու Պարոն Յովհաննէս Ալեքսանեանի յատուկ հրաւէրով, Երկուշաբթի, Յուլիս 24-ին կեդրոն այցելեցին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, փոխ-ատենապետ ընկեր Ալեքսան Գարատանայեանը եւ փոխ ատենադպիր ընկեր Տոքթ․ Աւետիս Տաքէսեանը։

Պարոն Ալեքսանեան եւ իր անձնակազմի անդամները լուսաբանութիւններ տուին իրենց բաժանմունքին կատարած աշխատանքներու մանրամասնութիւններուն մասին, յատկապէս ընդգծելով ընկերային, կազմակերպչական եւ առողջապահական բնագաւառներու գծով ի գործ դրուող նկատառելի ճիգերը։

Անդրադարձան նաեւ շուտով սկսելիք սեմինար-դասընթացքներուն, որոնք կը նպատակադրեն հմտութիւններ եւ գիտելիքներ փոխանցել առեւտրական ձեռնարկութիւններու, իրաւական հարցերու, հարկային եւ մաքսային համակարգի եւ գործնական հաշուապահութեան կապակցութեամբ։ Չորս շաբաթ տեւողութեամբ դասընթացքներուն պիտի կարենան հետեւիլ 18 տարեկանէն վեր տարիք ունեցող հայրենադարձները, հայերէն/ռուսերէն եւ հայերէն/անգլերէն առանձին խումբերով։