Շնորհակալութիւն ՌԱԿ-ին. Մասիս Մայիլեան
Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանը շնորհակալութիւն յայտնած է Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան, իր թեկնածութիւնը սատարելու համար: Այս մասին 2020-ին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրած Մայիլեանը գրառում կատարած է ֆէյսպուքեան իր էջին:
«Շնորհակալութիւն եմ յայտնում Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեանը վստահութեան համար»,- գրած է ան:
յայտարարած է, որ 2020-ին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան պիտի մասնակցի իբրեւ թեկնածու:
Յիշեցնենք, որ 13 Դեկտեմբերին Արցախի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հանրապետական վարչութիւնը յայտարարութիւն տարածած էր, Արցախի հանրապետութեան յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն վերաբերեալ:
Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս ըսուած էր՝ « ՌԱԿ Հանրապետական վարչութիւնը միաձայն
ՈՐՈՇԵՑ
1. 2020թ-ի գարնան ԱՀ նախագահական ընտրութիւններու ժամանակ պաշտպանել Մասիս Մայիլեանի թեկնածութիւնը՝ հաշուի առնելով անոր՝ արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ ունեցած բազմամեայ փորձը, դիւանագիտական արհեստավարժ մօտեցումներ ցուցաբերելու հմտութիւնը, քաղաքական գործունէութեան անբասիր ճանապարհը եւ ԱՀ միջազգային ճանաչման, Արցախեան հիմնախնդրի կարգաւորման, ԱՀ քաղաքական ու տնտեսական ապագայի նկատմամբ ունեցած տեսլականը:
2. Կուսակցական համամասնական ցուցակով աներկբայօրէն մասնակցիլ խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ առողջ դաշինքի եւ փոխհամաձայնութեան շրջածիրէն ներս համագործակցիլ քաղաքական այն ուժերու հետ, որոնք, կարեւորելով Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի կամքի արտայայտումը, մեր ընդհանուր հայրենիքի առջեւ ծառացած խնդիրները եւ մտահոգուած ըլլալով Արցախեան հիմնահարցի կարգաւորման յետագայ ճանապարհներով, պիտի սատարեն Մասիս Մայիլեանի թեկնածութիւնը՝ նպատակ ունենալով համատեղ ուժերով աջակցիլ Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներու ազատ ընտրութեան իրաւունքի իրագործման, ինչպէս նաեւ բացառել արմատացած ուժերու կողմէ վարչական ռեսուրսի կիրառման հնարաւոր փորձերն ու ձայներու փոշիացումը»: