ՌԱԿ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ԿԱԶՄԸ
Երեքշաբթի, 22 Օգոստոս 2023-ին, ԹՄՄ «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած ՌԱԿ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Շրջ. Վարչութեան պատգամաւորական ժողովին ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ ատենապետուհի ընտրուեցաւ Ընկերուհի Թամար Փոլատեան-Փերոն, որ յաջորդ օրերուն կազմեց իր վարչութիւնը՝ բաղկացած հետեւեալ ընկերուհիներէ եւ ընկերներէ.
Թամար Փոլատեան-Փերոն (Ատենապետուհի), Շուշան Պաղպուտարեան, Սեւան Պետրոսեան, Զոհրապ Ադդարեան, Ռոպեր Տեմիրճեան, Գէորգ Գրիգորեան, Կարօ Քիւփելեան, Հենրի Միսիրեան եւ Դաւիթ Սամուէլեան. Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան պիտի ստանձնէ յատուկ խորհրդականի պարտականութիւնը։ Նորընտիր ատենապետուհիին եւ իր վարչութեան երդմնառութիւնը կատարեց Ընկ. Դոկտ. Մինաս Գոճայեան։
Ուրախութեամբ կը նշենք թէ նորընտիր վարչական կազմէն ներս առաջին անգամ ըլլալով ընդգրկուած են ընկերուհիներ։ Վստահ ենք որ այս վարչութիւնը ոչ միայն պիտի շարունակէ նախկին վարչութեան աւանդութիւնն ու գործունէութիւնը, այլեւ նոր թափ եւ ուղղութիւն պիտի հաղորդէ կուսակցութեանս գործունէութեան։
Բարեյաջող երթ կը մաղթենք ատենապետուհիին եւ իր վարչութեան։
Մ.Գ.