ՌԱԿ-ի Պատուիրակութեան հրաժեշտի այցը Հիւպատոս Արմէն Սարգսեանին

2021-09-27
Image

Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեան, որ օրերս իր ծառայութիւնը աւարտած էր Հալէպի մէջ, նշանակուած է Քաթարի մէջ ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր դեսպանի արժանի պաշտօնին։

Հայրենի դիւանագէտին Հալէպի մէջ պաշտօնավարման օրերու աւարտի նախորէին հրաժեշտի այցելութիւն տուողներու շարքին եղան նաեւ Հալէպի Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Շրջանային Վարչութիւնները ներկայացնող պատուիրակութիւնը մը, գլխաւորութեամբ՝ Ատենապետ Կարօ Շուշանեանի:

Պատուիրակութեան անդամները բարձր գնահատեցին բոլորի կողմէ յարգուած Տիար Արմէն Սարգսեանի Հալէպի մէջ իրականացուցած կարեւոր եւ շինիչ առաքելութիւնը, ողջունելով անոր ծառայութեան ընթացքին Հալէպահայ համայնքի հանդէպ դրսեւորած ջերմ վերաբերմունքը, ինչպէս նաեւ հայ-արաբական եղբայրական պատմական կապերու ամրապնդման մէջ անոր ջանքերը:

Արմէն Սարգսեան իր հերթին ողջունեց պատուիրակութեան այցը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց, շեշտելով, որ ինք բարձր կը գնահատէ հալէպահայութեան ազգային հայրենասիրական ոգին, եւ վստահ է, որ համայնքային բոլոր կառոյցները պիտի շարունակեն աշխատիլ ամբողջ թափով Հալէպի վերականգնումին համար, միաժամանակ պահպանելով մայր գաղութի ազգային դիմագիծը։ Ան համոզմունք յայտնեց, որ այսօր հալէպահայութիւնը թեւակոխած է ինքնակազմակերպման ու զարթօնքի նոր փուլ, որուն մէջ մեծ դեր ունին ազգային բոլոր կառոյցները:

Հանդիպման աւարտին, պատուիրակութիւնը որպէս երախտագիտութեան նշան յուշանուէր եւ գնահատագիր մը յանձնեց հիւպատոսին, անգամ մը եւս գնահատելով անոր լայնախոհ եւ նուիրական ծառայութիւնը Հալէպի գաղութին եւ տեղի ժողվուրդին, մաղթելով  նորանոր յաջողութիւններ իր հետագայ գործունէութեան մէջ։