Պարոն Զարեհ Սինանեանի հանդիպումը ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու հետ

2023-07-10
Image

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատար Պարոն Զարեհ Սինանեան մտերմիկ հանդիպում մը ունեցաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ ընկերներ Ալեքսան Գարատանայեանի եւ Հայկ Լեփեճեանի հետ։ Չորեքշաբթի, Յունիս 7-ի այս հանդիպումը կայացաւ քաղաքամայր Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան փողոցի վրայ գտնուող Յանձնակատարի կեդրոնական գրասենեակէն ներս։

Ընկեր Ալեքսան Գարատանայեան, որ Կեդրոնական Վարչութեան փոխ-ատենապետն է, միաժամանակ է նաեւ Կուսակցութեան հայաստանեան յանձնակատարը։ Իսկ ընկեր Հայկ Լեփեճեան, Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ըլլալէ բացի, երկարամեայ եւ վաստակաշատ ատենապետն է ՌԱԿ Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութեան։

Հանդիպման ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցաւ անհրաժեշտութիւնը Հայրենիք-Սփիւռք կապերու յարաճուն ամրապնդման, մասնաւորաբար ապահովելու համար արտերկրի հայութեան մասնագիտական ներուժի մնայուն ներդրումը Հայաստանի հիմնարկային համակարգի զարգացման եւ հզօրացման ի նպաստ։

Յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ նաեւ յառաջիկայ Սեպտեմբեր 24-էն Հոկտեմբեր 7 Երեւանի մէջ կայանալիք «Սփիւռքի Երիտասարդ Դեսպան» ծրագրի երկշաբաթեայ դասընթացքներու կարեւորութեան։ Ինչպէս ծանօթ է, այս ծրագիրը կը նպատակադրէ հարթակ ստեղծել որ ընդլայնի սփիւռքահայ երիտասարդներու պատկերացումները Հայաստանի քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ այլ խնդիրներուն մասին։ Ծրագիրը կը միտի նաեւ մղում հանդիսանալ որ արտրերկրի մեր նոր սերունդի անդամները աջակցին իրենց բնակած երկիրներու համայնքային կեանքերուն, եւ աւելի ներգործօն մասնակցութեամբ նպաստեն գործունէութիւններու արդիւնաւէտութեան բարձրացման, ինչպէս նաեւ նոր գիտելիքներու եւ հմտութիւններու փոխանցման։ Հիմնական նպատակներէն մէկն է նաեւ Սփիւռքի, Հայաստանի եւ Արցախի երիտասարդներու միջեւ համագործակցութեան ամրակուռ ձեւաւորումը եւ անոր հետեւողական զարգացումը։