Արցախի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը պիտի պաշտպանէ Մասիս Մայիլեանի թեկնածութիւնը
Սոյն թուականի Դեկտեմբեր 13-ին գումարուեցաւ Արցախի Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան հանրապետական վարչութեան հերթական նիստը, որ կը վարէր Արցախի ՌԱԿ ատենապետ (նախագահ) Բարդուղ Գալստեանը:
Օրակարգին մէջ ներառուած էր երկու հիմնախնդիր.
1. 2020-ի գարնան կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցութեան յայտ ներկայացուցած թեկնածուներէն որեւէ մէկու թեկնածութիւնը պաշտպանելու վերաբերեալ:
2. Կուսակցութեան համամասնական ցուցակով խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու վերաբերեալ:
Սպառելով օրակարգի մէջ ամրագրուած հարցերը՝ հանրապետական վարչութիւնը միաձայն
ՈՐՈՇԵՑ
1. 2020թ-ի գարնան ԱՀ նախագահական ընտրութիւններու ժամանակ պաշտպանել Մասիս Մայիլեանի թեկնածութիւնը՝ հաշուի առնելով անոր՝ արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ ունեցած բազմամեայ փորձը, դիւանագիտական արհեստավարժ մօտեցումներ ցուցաբերելու հմտութիւնը, քաղաքական գործունէութեան անբասիր ճանապարհը եւ ԱՀ միջազգային ճանաչման, Արցախեան հիմնախնդրի կարգաւորման, ԱՀ քաղաքական ու տնտեսական ապագայի նկատմամբ ունեցած տեսլականը:
2. Կուսակցական համամասնական ցուցակով աներկբայօրէն մասնակցիլ խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ առողջ դաշինքի եւ փոխհամաձայնութեան շրջածիրէն ներս համագործակցիլ քաղաքական այն ուժերու հետ, որոնք, կարեւորելով Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի կամքի արտայայտումը, մեր ընդհանուր հայրենիքի առջեւ ծառացած խնդիրները եւ մտահոգուած ըլլալով Արցախեան հիմնահարցի կարգաւորման յետագայ ճանապարհներով, պիտի սատարեն Մասիս Մայիլեանի թեկնածութիւնը՝ նպատակ ունենալով համատեղ ուժերով աջակցիլ Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներու ազատ ընտրութեան իրաւունքի իրագործման, ինչպէս նաեւ բացառել արմատացած ուժերու կողմէ վարչական ռեսուրսի կիրառման հնարաւոր փորձերն ու ձայներու փոշիացումը: