ՀՀ Վարչապետ Փաշինեան ընդունեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչները

2022-07-04
Image

Հինգշաբթի՝ 25 Յունիս, 2022-ին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան ընկերներ՝ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանի գլխաւորութեամբ այցելեցին ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին:

6

 

 

 

 

 

 

 

 

4

 

Հանդիպման, Վարչապետը ողջունելով վարչական ընկերները, շնորհաւորեց կուսակցութեան հիմնադրման 100-րդ տարեդարձի առթիւ եւ կարեւորեց ՌԱԿ-ի դերը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Նիկոլ Փաշինեան յոյս յայտնեց, որ ՌԱԿ-ն առաջիկային աւելի աշխոյժ կը շարունակէ գործունէութիւնը Սփիւռքի եւ Հայրենիքի մէջ:

Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեան նշեց, որ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը Հայաստանի կառավարութեան՝ ի նպաստ Հայրենիքի առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծման եւ առաջընթացին:

4

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ՌԱԿ գործունէութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման վերաբերող հարցերուն:

Պատուիրակութիւնը Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին նուիրեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հիմնադրման 100-ամեակի առթիւ թողարկուած յուշադրամ։
 

5