Ռ.Ա.Կ. պատուիրակութիւնը այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն

2022-07-04
Image

ՌԱԿ 100-ամեակի միջոցառումներու ծիրէն ներս, 24 Յունիս, 2022-ին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ Ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանի, այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անունով ծաղկեպսակ դրուեցաւ յուշակոթողին: Կուսակցական ընկերները ծաղիկներ խոնարհեցին Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակի մօտ:

Այնուհետեւ, Ծիծեռնակաբերդի պուրակին մէջ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 100-ամեակի առթիւ ծառ տնկուեցաւ:

Ապա Ծիծեռնակաբերդի յարակից տարածքին մէջ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ եւ ջանքերով կանաչապատուող տարածքին մէջ մեկնարկեց 300-400 ծառատունկի աշխատանքը, որ պիտի շարունակուի տարուայ ընթացքին:

Այնուհետեւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պատուիրակութիւնը այցելեց Եռաբլուր-պանթէոն` յարգանքի տուրք մատուցելու իրենց կեանքը Հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած hայորդիներու յիշատակին:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անունով ծաղկեպսակ դրուեցաւ 21 սիւներէ բաղկացած յուշահամալիրի մօտ:

Այնուհետեւ, պատուիրակութեան անդամները այցելեցին Արցախի 44-օրեայ պատերազմին Շուշիի պաշտպանական մարտերուն ընթացքին նահատակուած ընկերոջ՝ Արցախի ՌԱԿ անդամ՝ Ընկ. Արտակ Աւագիմեանի շիրիմին, եւ տէրունական աղօթքէն ետք ծաղիկներ դրին անոր շիրիմին եւ Արցախեան պատերազմի հերոսներու շիրիմներուն:

Նշենք, որ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը, օրերս, Ընկ. Արտակ Աւագիմեանը պարգեւարտրած էր յետ մահու «Արմենակ Եկարեան»ի անուան Մարտական յուշանուէրով: