«Արտերկրի հայերս սրտատրոփ կը հետեւինք Հայաստանի դրական բոլոր զարգացումներուն» Ընկ. Ասատուր Տէվլեթեան

2020-03-20
Image

Նախքան «Քորոնա» վարակին յայտնուիլը եւ արագօրէն տարածուիլն ու ամբողջ աշխարհով մէկ մղձաւանջի մը վերածուիլը «Ռամկավար  մամուլ» ծրագրած էր լոյսին տալ հարցազրոյցներու  շարք մը։

Այսօրուան մեր թողորկման մէջ տեղ  կու տանք  Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան Փոխատենապետ, Մամլոյ դիւանի ատենապետ՝ Ընկ. Ասատուր Տէվլեթեանին հետ կատարուած հարցազրոյցին, ուր բազում հարցերու կողքին պատասխանատու մեր ընկերը անդրադարձած է մեծ հաշուով ամբողջ հայութիւնը  յուզող հիմնահարցերուն։

Հայաստանի այսօրուան վիճակ, նոր իշխանութիւններէն ակնկալիքներ, ՌԱԿ-ի հին-նոր յանձնառութիւններու խնդիր ու նաեւ սփիւռքի մէջ առկայ արդիական խնդիրներ ու հիմնահարցեր։

Լաւատեսութեան ոգիով զինուած ու նաեւ դէպը վաղուան օրը պատուհաններ բացող այս հարցազրոյցը կարեւոր շեշտադրումներ կը պարունակէ իր մէջ ու անգամ մը եւս կու գայ հաստատելու հարիւրամեայ մեծ ճանապարհ անցած  եւ նուիրեալներու մեծ փաղանգ կազմած ՌԱԿ-ի ընդհանուր ընկալումները, որոնց մէջ անսակարկելիօրէն հիմնարար տեղ ունին այսօրուան Հայաստանի կարեւոր ճառագայթումները, ինչպէս նաեւ պատմական Հայաստանի հանդէպ մեր կուսակցութեան ունեցած յանձնառութիւններն  ու հայ ժողովուրդին համար փայլուն ապագայ մը կերտելու մեծ տեսլականը։

 

«Ռամկավար Մամուլ»

 

-Վերջին շրջանին շատ սկսած է խօսուիլ այն մասին որ, առ հասարակ, եւ յատկապէ սփիւռքի մէջ, հայկական աւանդական կուսակցութիւնները կորսնցուցած են իրենց գրաւչութիւնը։ Ինչքա՞նով ճիշդ է այս մօտեցումը. ի՞նչ է ձեր տեսակէտը այս առումով։

Եթէ ակնարկութիւնը այն մասին է, թէ սփիւռքահայ նոր սերունդին մէջ սակաւած է թիւը երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն, որոնք կ’անդամագրուին աւանդական կուսակցութիւներուն կամ ալ՝ համակրանքով կը հետեւին անոնց գործունէութիւններուն, անկարելի է ժխտել այդ երեւոյթին իրողութիւն ըլլալը։

Սակայն, անմիջապէս հարկաւոր է նշել թէ նուազածը՝ կուսակցութիւններու «հմայքը» չէ, այլ՝ եղերական անկումը պատանիներու հայեցի դաստիարակութեան թէ՛ տարողութեանն ու մակարդակին, թէ ալ՝ որակին։ Վերջին քանի մը տասնամեակներուն ընթացքին, դժբախտաբար, յաջորդաբար փլուզեցան կամ մաշումի ենթարկուեցան հայաստանամերձ գրեթէ բոլոր հայկական գաղութները, ուր, նախապէս, ո՛չ միայն առատօրէն կը ջամբուէր հայկական տոհմիկ դաստիարակութիւն, այլ նաեւ ազգային առողջ հպարտութիւն, երկու անուրանալի գրաւականները, թերեւս նաեւ՝ նախապայմանները, գիտակից նուիրումով փարելու ազգային լիակատար ծառայութիւն ուխտած գաղափարախօսութիւններու։  Հայկականութեամբ եռուն այդ գաղութներուն թէ՛ քանակական թէ ալ որակական հիւծումը, անկարելի է որ բացասաբար չազդէր նաեւ՝ կեանք մը ամբողջ ազգային ծառայութեան յանձնառութիւն ստանձնելու կամաւոր պատրաստակամութեան վրայ։

Յաւելուածաբար, ներկայ ժամանակներու պարտադրած կենցաղային հեւքն ու լարուածութիւնը եւս, լրջօրէն կը խոչընդոտեն մեր նոր սերունդին ազգային մտասեւեռումներուն արմատաւորումը։

Այս առնչութեամբ, պէտք չէ մոռնալ, սակայն, թէ հիւսիսային Ամերիկայի, եւրոպական շատ մը երկիրներու, մինչեւ իսկ Աւստրալիոյ մէջ, վերջին շրջաններուն ի յայտ եկած ազգային հպարտառիթ, ակնառու դրսեւորումներու հեղինակներուն մեծագոյն մասը հայկականութեամբ թրծուած է յիշատակուած գաղութներու նախապէս խիստ արգասաբեր «դարբնոց»ներուն մէջ։

 

-Ուրեմն, կը խորհի՞ք թէ տակաւին, սփիւռքի մէջ, կարեւոր դեր ունին կատարելիք աւանդական կուսակցութիւնները։

Անտարակոյս։ Յատկապէս եթէ նկատի ունենանք որ, ազգային գերագոյն մեր շահերուն ի խնդիր, նուիրականագոյն երկու առաքելութիւններու առնչութեամբ կատարուող հերոսական աշխատանքներու «առիւծի բաժինը» կ’իրականացուի շնորհիւ աւանդական երեք կուսակցութիւններու ճիգերուն։ Նշումը կը վերաբերի, անշուշտ, հայապահպանման վիթխարի աոաջադրանքին եւ ազգային սրբազան պահանջատիրութեան թէ՛ գիտակցութեան վառ պահուելուն, թէ ալ, մանաւանդ՝ հետեւողական հետապնդումին։  

Հասկնալի պատճառներով, մայր հայրենիքը, ունենալով խիստ կարեւոր այլ առաջնահերթութիւններ, էական այս երկու առաքելութիւններու առնչութեամբ, առաւելագոյն պարագային, սահմանափակ օժանդակութիւն կրնայ տրամադրել։

Բացորոշ կը դառնայ, հետեւաբար, թէ ինչքա՜ն կենսական է աւանդական մեր կուսակցութիւններու դերը սփիւռքի ամբողջ տարածքին։

 

-Իսկ, ինչո՞վ կը յատկանշուի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան տարբերութիւնը միւս կուսակցութիւններէն։

Նախ, հարկ է որ կատարեմ կարգ մը նշումներ.-

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը գերազանցօրէն ազգային կազմակերպութիւն մըն է, որուն գոյութեան հիմնական նպատակն է հետապնդումը հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն, համադրուած ճիգերովը ժողովրդային բոլոր խաւերուն, առանց դասակարգային որեւէ խտրականութեան։ 

Կուսակցութեան աշխարհահայեացքը հիմնուած է ժողովրդային կամքի գերիշխանութեան, անհատական եւ հաւաքական բոլոր իրաւունքներու ամբողջական կիրարկումին եւ ընկերային յարատեւ բարեշրջումի սկզբունքներուն վրայ։ Սակայն կուսակցութեան հիմնական մտասեւեռումը կը կազմէ  հայկական պատմական հայրենիքի ամբողջական վերականգնումը, Հայաստանի ընդհանուր զարգացումն ու բարգաւաճումը, սփիւռքի հայութեան ազգապահպանումը եւ ի վերջոյ՝ հայ ժողովուրդի ազգահաւաքը մեր պապենական եւ աւանդական հողերուն վրայ։ ՌԱԿ-ը կը դաւանի որ, առանց որեւէ բացառութեան, ազգային մեր բոլոր մղումներուն առանցքը պէտք է կազմեն Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը, որոնց հանդէպ մեր հաւատարմութիւնն ու նուիրումը երբեք պէտք չէ պայմանաւորուած ըլլան այլեւայլ նկատումներով։ Այդ անխախտ համոզումով ալ, տեւապէս փարած մնացած է «Միշտ հայրենիքին եւ ժողովուրդին հետ. միշտ հայրենիքին եւ ժողովուրդին համար» կարգախօսին։ 

Փակագիծ մը բանալով, անհրաժեշտ է ստուգաբանել յիշեալ կարգախօսին էութիւնը։ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը աներկբայօրէն կը կը հաւատայ թէ հայրենիքին եւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ մեր սէրը, նուիրումն ու հաւատարմութիւնը  երբեւէ չե՛ն կրնար սահմանուիլ կամ սահմանափակուիլ հայրենիքի մէջ տիրող վարչական դրոյթով կամ ալ՝ հայրենի հողին վրայ ծածանող դրօշի գոյներով, ի՛նչ որ ալ եղած ըլլան, անոնց առնչութեամբ, մեր ունեցած վերապահութիւնները։

ՌԱԿ-ի խոր համոզումով, հայրենիքն ու հայ ժողովուրդը յաւերժական են։ Մնացեալ ամէն բան պարագայական է եւ ժամանակաւոր։

 

-Որո՞նք են իր 100-րդ տարեդարձը նշելու պատրաստուող ձեր կուսակցութեան անմիջական ծրագիրները։

Ամէն կասկածէ վեր է, թէ կուսակցութեան հիմնադրութեան հարիւրամեակը պատմականօրէն նշանակալի հանգրուան մըն է որ, անշուշտ, արժանավայել շուքով պիտի նշուի։ Սակայն ենթակայական է անոր (հաւանօրէն) վերագրուող հմայքը։ Խորքին մէջ, հարիւրերորդ տարին ոչինչով կը տարբերի նախորդէն կամ ալ՝ յաջորդէն։ Հետեւաբար յոբելենական թուականը լոկ երեւութական բնոյթ ունի։

Կուսակցութիւնը յուզող բոլոր խնդիրներուն ակնարկեցի արդէն, քիչ առաջ։ ՌԱԿ-ի ակնյայտ առանձնայատկութիւններէն մէկն ալ՝ իր կառոյցի ճկունութիւնն է՝ իր առաջնահերթութիւնները դասաւորելու՝ ըստ մեր ժողովուրդին եւ յատկապէս անոր արտերկրի հատուածին առջեւ ծառացող յարափոփոխ դժուարութիւններու եւ հրամայականներու թելադրանքին։ Այ՛դ իսկ նախանձախնդրութեամբ է որ կուսակցութիւնը կեանքի կոչուեցաւ 1921 թուականին։

Անհրաժեշտ կը համարեմ որոշ պարզաբանում կատարել այս ուղղութեամբ։

19-րդ դարու վերջին երկու տասնամեակներուն, յատկապէս Օսմանեան Թուրքիոյ տիրապետութեան տակ գտնուող եւ ծայր աստիճան անիրաւուած մեր ժողովուրդին իրաւունքներն ու շահերը պաշտպանելու չափազանց խիստ անհրաժեշտութիւնը (ի պահանջեալ հարկին՝ նաեւ զինեալ ապստամբութեամբ) ծնունդ տուաւ հայկական աւանդական կուսակցութիւններուն, եւ առջին հերթին, 1885-ին, Արմենական կուսակցութեան, որ ազգային մեր անվտանգութիւնը կը համարէր գերիվեր որեւէ այլ մտահոգութենէ։

Սակայն, Հայկական Ցեղասպանութեան ահասարսուռ ողբերգութենէն ետք, երբ եղեռնէն ճողոպրած արեւմտահայութեան բեկորները, զանգուածային տեղահանութեամբ, տարտղնուեցան այլեւայլ երկիրներու մէջ, ի վերջոյ դառնալու համար հայկական սփիւռքը, իսկ մեր ժողովուրդին արեւելեան հատուածը որ, դարերու գերութենէ ետք, պատմական մեր հայրենիքի մէկ փոքր մասին վրայ իր պետականութեան վերատիրանալէ վերջ, երբ արդէն կը գտնուէր խորհրդային կարգերու տակ, ազգային մեր պատմութիւնը թեւակոխած եղաւ բոլորովին նոր շրջան մը։

Ահա, բոլորովին այլափոխուած այս պայմանները, նոր մտածողութիւններու եւ նոր գործելակերպի անհրաժեշտութիւնը, անյետաձգելիօրէն կարեւոր կը դարձնէին քաղաքական նոր կազմակերպութեան մը գոյառումը։ Այս յատկանշական պայմաններուն մէջ է որ կազմուեցաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, միաձուլումովը հինգ կուսակցութիւններու – Արմենական, Վերակազմեալ Հնչակեան, Հայ Սահմանադրական Ռամկավար, Ազատական եւ Ժողովրդական – եւ քանի մը այլ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու։

Դիւրին չէր, սակայն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ստանձնած առաջադրանքին կիրարկումը։ Բնաջինջ եղած էր մեր ժողովուրդին մեծագոյն մասը եւ յափշտակուած էր հայրենի հողին ինը տասներորդը։ Տիրող բարդ պայմաններուն տակ, արդիւնաւէտ աշխատանք կատարելու համար, հարկաւոր էին ճկուն եւ հեռահայեաց քաղաքականութիւն եւ ազգային հիմնական շահերու խոր գիտակցութիւն։ Իրարու ներհակ վարչաձեւերու տակ ապրող, հայ ժողովուրդի երկու հատուածներուն ալ, օգտակար կերպով ծառայելը, արտակարգ կերպով կարեւոր, բայց միեւնոյն ժամանակ նաեւ չափազանց խրթին յանձնառութիւն էր։ Երբեք պէտք չէ մոռնալ որ, տասնամեակներ շարունակ, հայրենասիրութիւն քարոզելն ու ջատագովելը, ամբողջովին համազօր էր համայնավար պիտակաւորուելու եւ այդ պիտակին դժբախտ բոլոր հետեւանքները կրելու։

ՌԱԿ-ը, ազգապահպանման, ազգային գիտակցութեան ու հայրենասիրութեան վառ պահումին, ինչպէս նաեւ պահանջատիրութեան գծով, ցարդ իր ձեռք բերած դրական բոլոր արդիւնքները կը համարէ մեծագոյն իր վարձատրութիւնը։ 

Կարելի է անվարան հաստատել թէ, կատարելապէս ըմբռնելով որ գիտակցուած ազգասիրութիւնը կ’ենթադրէ անսահման եւ անսակարկ նուիրում, լրջախոհ շրջահայեցութիւն եւ համբերատար ու հետեւողական աշխատանքի պատրաստակամութիւն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, ինչպէս միշտ, այսօր եւս վճռականօրէն կանգնած է պատնէշի վրայ, մեր ժողովուրդի գերագոյն շահերուն ի խնդիր, լիակատար ծառայութեան վերանորոգ ուխտով։

 

-Ինչպէ՞ս կ’արժեւորէք Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններու ներկայ դրուածքը։

Առաջին հերթին, անհրաժեշտ է կատարել կարգ մը սահմանումներ.-

Հայաստանի Հանրապետութեան համար անհամեմատելի, միեւնոյն ատեն նաեւ անփոխարինելի հարստութիւն է սփիւռքի հայութիւնը, որ իր մեծամասնութեամբ, անմնացորդ սիրով, անսահման կարեկցութեամբ ու գորովով կ’ընկալէ, մայր հարենիքը, Արցախը, հայրենաբնակ հարազատ ժողովուրդը եւ անոնց ներկային ու ապագային հետ աղերս ունեցող բացարձակապէս ամէն ինչ։

Առաջին ակնարկով խիստ յաւակնոտ թուացող այս հաստատումը, յամենայնդէպս, անհերքելի իրողութիւն ըլլալէ երբեք չի դադրիր։ Հայկական սփիւռքի հայթայթած ու հայթայթելիք բազմաբնոյթ, անդաւաճան եւ յարատեւօրէն կայուն նեցուկը վաւերականագոյն գրաւական է մեր պաշտելի հայրենիքին համար։ Հետեւաբար,կենսականօրէն անհրաժեշտ է որ անգնահատելի այս դրամագլուխը բծախնդրօրէն եւ խնամքով պահպանուի, որպէսզի կարելի ըլլայ անկէ տեւապէս քաղել հնարաւոր առաւելագոյն օգուտը։ Արտերկրի հայութիւնը իր նուիրումին ու նուիրաբերումին փոխարէն կ’ակնկալէ ոչինչ, բացի հաւատքի եւ վստահութեան մնայուն ներշնչումէն։ Ինքնըստինքեան պարզ կը դառնայ, ուրեմն, թէ ճիգ պէտք չէ խնայուի ոչպէսզի երբեւէ չնուազին եւ չխախտին հաւատքն ու վստահութիւնը, որովհետեւ այլապէս՝ ծայր աստիճան անբաղձալի կրնան ըլլալ տխուր բոլոր հետեւանքները։

Միւս կողմէ, վերջին քանի մը տասնամեակներուն, բայց մանաւանդ Հայաստանի անկախացումէն ետք, հիմնովին փոխուեցաւ հայկական սփիւռքի էութիւնը։ Մինչդեռ նախապէս գոյութիւն ունէին աշխարհագրական քանի մը յստակ ստորաբաժանումներ եւ, առ հասարակ, ընդհանրական էին իւրաքանչիւր հատուածի հայութեան հետ առնչուող խնդիրները, ինչպէս նաեւ՝ անոնց համար անհրաժեշտ լուծումները, ներկայիս ո՛չ միայն երկրէ երկիր, այլ յաճախ, նոյնիսկ քաղաքէ քաղաք կը տարբերին կարիքները, պայմաններն ու հնարաւորութիւնները։ Ազգային որեւէ լուրջ ծրագրում չի կրնար առաջնորդուիլ լոկ զգացական, ենթակայական կամ պարագայական մղումներով, ո՛չ ալ՝ պայմանաւորուած ըլլալ անոնցմով։ Ներկայ ժամանակները եւ անոնց խիստ պահանջները կը պարտադրեն որ փորձենք կիրարկել ամէնէն պիտանի, ամէնէն արդիւնաւէտ, ամէնէն հեռանկարային նախաձեռնութիւնները, մանաւանդ երբ սահմանափակ կը մնան մեր միջոցները համազգային մեր ծով կարիքներուն համեմատութեամբ։

Անմիջապէս պէտք է աւելցնել թէ, լիովին համոզուած եմ որ, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Պարոն Զարեհ Սինանեանը ո՛չ միայն քաջածանօթ է յիշեալ բոլոր պայմաններուն եւ տիրող կացութեան, այլ՝ իր գործելակերպը, մերձեցումներն ու ծրագրումները կը ներշնչեն ա՛յն հաւատքը թէ անոնք կը բխին ամբողջական ըմբռնողութենէ եւ լրջագոյն վերաբերումէ։ Հետեւաբար, հանգիստ սրտով, կարելի է հաստատել թէ լաւատես եմ այս ուղղութեամբ։  

 

-Ինչպէ՞ս  կը գնահատէք Հայաստանի իշխանութիւններուն գործելաոճը ու նաեւ մինչեւ հիմա իրականացուցած ձեռքբերումները։

Հայրենի իշխանութիւններուն գործելաոճը, առ հասարակ, կը ցոլացնէ ժողովրդավարական կայուն սկզբունքներու կիրառում, հետեւաբար, միանգամայն խրախուսիչ է եւ ընդունելի։

Կարելի չէ ակնկալել որ ամէն բան ի կատար ածուի կատարեալ, անթերի ճշգրտութեամբ։ Բազմաթիւ գործօններ, ուզենք թէ՝ ոչ, անպայմանօրէն իրենց ազդեցութիւնը կ’ունենան կատարումներու վրայ, անոնց զանազան հանգրուաններուն։ Կարեւորը, ընդհանուր առմամբ, անոնց գոհացուցիչ մակարդակ ունենալն է։ Կարելի է անվարան հաստատել թէ Հայաստանի մէջ, ներկայիս, այդպիսին է պարագան։    

Իսկ ինչ որ կը վերաբերի ցարդ իրականացուած ձեռքբերումներուն, անկարելի է չնշել թէ նկատելի է հետեւողական յառաջխաղացութիւն, թէեւ երբեմն, հասկնալի պատճառներով, դանդաղ ընթացքով։ Բացարձակ միամտութիւն պիտի ըլլար խորհիլը կամ ենթադրելը թէ մեր փափաքած արագութեամբ, կարելի է ուղղել ամէն բան որ կը կարօտի բարեփոխումի կամ սրբագրութեան։  Մեր հայրենիքին  մէջ գոյութիւն ունին բազմաթիւ դրոյթներ, վիճակներ եւ կացութիւններ, որոնք ունին արմատացած աղաւաղումներ, եւ հետեւաբար, անոնց բարեկարգումը կը կարօտի բծախնդիր ուսումնասիրութեան եւ ժամանակի։

Յամենայնդէպս, արտերկրի հայերս, սրտատրոփ կը հետեւինք դրական բոլոր իրագործումներուն։