Ազգային Համաձայնութիւն. Գէորգ Հալէպլեան

2020-09-20
Image

Ազգային համաձայնութեան գաղափարը ազգային գաղափարախօսութեան հիմնադրոյթներէն է։ Որպէսզի ազգը կարողանայ գոյատեւել, կարողանայ դիմադրել պատմութեան արհաւիրքներուն, պարտաւոր է ղեկավարուիլ ազգային համաձայնութեան գաղափարով։

Բոլոր ազգերը բաժնուած են դասակարգերու եւ կուսակցութիւններու, որոնք կը ղեկավարուին տարբեր ընկերային գաղափարախօսութիւններով, որոնց հիմքին վրայ կը ծաւալի դասակարգային եւ կուսակցական պայքարը։ Այս մէկը իրողութիւն է, օրինաչափ վիճակ, որմէ ոչ մէկ ժողովուրդ կրնայ խուսափիլ։ Իսկ ազգային գաղափարախօսութիւնը կը համարէ, որ իւրաքանչիւր ազգ պարտաւոր է նախ լուծել իր գոյատեւման խնդիրը, իր ֆիզիքական գոյութեան, իր հայրենիքի անվտանգութեան եւ ամբողջականութեան հարցը, ընկերային խնդիրներու լուծումները թողնելով ապագային։

Անվիճելի է այն թէզը, որ ոչ մէկ ժողովուրդ կրնայ արտաքին թշնամիին դէմ մղուող պայքարին մէջ յաջողութեան հասնիլ, եթէ ան չի ղեկավարուիր ազգային համաձայնութեան գաղափարով։ Իւրաքանչիւր ազգի բոլոր դասակարգերը, քաղաքական ուժերը պէտք է գիտակցին, որ ազգի գոյատեւման հիմնական պայմաններէն մէկը ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆՆ Է։ Ազգային համաձայնութեան գաղափարը պէտք է գերակայէ դասակարգային եւ կուսակցական գաղափարներուն։ Ազգային գաղափարախօսութեան բոլոր գործօններու առկայութեան պարագային, եթէ կը բացակայի ազգային համաձայնութեան գործօնը, միեւնոյնն է, ազգի գոյատեւումը կը դրուի հարցականի տակ։

Հայ ժողովուրդը, դժբախտաբար, ազգային համաձայնութեան տեսակէտէն հպարտանալու հիմքեր չ՚ ունի։ Հայ ժողովուրդը, անոր քաղաքական ուժերը գոյապահպանման դարաւոր պայքարին մէջ շատ պարագաներուն չեն կրցած յաղթահարել ներքին տարաձայնութիւնները, դասակարգային եւ կուսակցական պառակտումները, հատուածականութիւնը եւ արտաքին թշնամիին դէմ մղուող ճակատագրական կռիւներուն ՝ հասնիլ ազգային համաձայնութեան։ Որպէս կանոն, հայ ժողովուրդը այսպիսի պարագաներուն չարաչար պարտութիւններ կրած է։ Հայոց պարտութիւններու հիմնական պատճառներէն մէկը, եթէ ոչ ամենահիմնականը, եղած է ճիշդ այդ գործօնը ՝ պառակտուածութիւնը, անմիաբանութիւնը եւ ազգային համաձայնութեան բացակայութիւնը՝ պատմութեան բախտորոշ պահերուն։

Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը այդ անվիճելի ճշմարտութիւնը ապացուցող բազմաթիւ ակնյայտ փաստեր ունի։ Բաւարարուինք երկու օրինակով։ Առաջին՝ Վարդանանց պատերազմը, որու ժամանակ հայոց ղեկավարութիւնը պառակտուած էր, չկրցաւ համախմբել ժողովուրդը եւ միասնական ուժերով դուրս գալ պարսկական զօրքերուն դէմ։ Հետեւանքը եղաւ հայկական զօրքերու պարտութիւնը։ Այստեղ խօսքը այն մասին չէ, թէ ով ճիշդ էր ՝ Վարդա՞նը, թէ՞ Վասակը։ Վէճերը, տարաձայնութիւնները ժողովուրդներու կեանքին մէջ բնական երեւոյթներ են։ Խօսքը այն մասին է, որ եթէ կռիւը սկսած է, ապա ամբողջ ժողովուրդը, անոր բոլոր քաղաքական ուժերը, ելլելով ազգային համաձայնութեան գործօնէն, պարտաւոր են համախմբուիլ եւ միասնականօրէն հանդէս գալ արտաքին թշնամիին դէմ։ Նման պարագաներուն կը գործէ ժողովուրդի ԻՆՔՆԱՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ԲՆԱԶԴԸ։ Ճիշդ այդ էր պատճառը, որ ժողովուրդը Վարդանին դասեց սուրբերու կարգին, իսկ Վասակին ՝ դաւաճաններու։

Երկրորդ՝ 19-րդ դարի վերջին եւ 20-րդ դարի սկիզբը ազգային-ազատագրական պայքարին մէջ, երբ դրուած էր հայ ժողովուրդի լինելութեան հարցը, երբ թուրքերը ձեռնամուխ եղած էին հայ ժողովուրդի ֆիզիքական ոչնչացման, հայ երեք ազատագրական, քաղաքական կուսակցութիւնները ՝ Արմենական-Ռամկավար, Հնչակեան եւ Դաշնակցութիւն,  չկրցան յաղթահարել կուսակցական տարաձայնութիւնները, չկրցան ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԻԼ, ազատագրական պայքարի ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆ ստեղծել, միասնական մարտավարութիւն եւ ռազմավարութիւն մշակել եւ ժողովուրդը ռաջնորդել դէպի յաղթանակ։

Ունենալով նոյն հիմնական նպատակը՝ Հայաստանի ազատագրումը, հասկնալով թրքական տիրապետութեան դէմ մղուող պայքարին մէջ ազգային համաձայնութեան անհրաժեշտութիւնը, ինքնապահպանման այդ դաժան գոյամարտին մէջ իրենց կեանքը չխնայելով, այնուամենայնիւ, չկրցան յաղթահարել ներքին վէճերը եւ հասնիլ ազգային համաձայնութեան, որու պատճառով ազգային-ազատագրական պայքարը չհասաւ իր նպատակին։

Գարեգին Նժդեհ հետեւեալը կ՚ ըսէ.- « Չկայ աւելի մեծ չարիք, աւելի մեծ աղէտ ժողովուրդի համար, մասնաւորապէս մեզի նման փոքրիկ ժողովուրդի համար, քան կոյր կուսակցամոլութիւնը: Այդ տարամերժ հոգիին համար չկայ հասարակական շահ, պետական-բարոյական։ Անոր համար օտար է այն ամէնը, ինչ որ իր կուսակցութեան կնիքը չի կրեր, ինչ որ իր կուսակցութեան ծնունդը չէ՝ անընդունելի է եւ անհանդուրժելի։ Ծափահարելի է միայն այն, ինչ որ կը բխի իր կուսակցութենէն։ Կուսակցականօրէն կոյր այդ դժբախտ արարածի համար երկու անգամ երկու հաւասար է ամէն ինչ, միայն ոչ չորս… Ան կը ստեղծէ ներքին ճակատներ, կը ջլատէ ժողովուրդի ուժերը, ան հասարակութեան թշնամին է, բարեկամը՝ իր ժողովուրդի թշնամիներուն։ Այդ անէծքն է մեր կեանքի։ Կուսակցամոլութեան թունալի ախտով բռնուած ժողովուրդի ներկան տխուր է, ապագան ՝ անյուսալի։ Այդ ախտով հիւանդ ժողովուրդը միշտ ալ ներքուստ պառակտուած է, միշտ ալ պատրաստի որս ՝ իր գիշատիչ հարեւաններուն համար»։

Տարբեր ժողովուրդներու փորձի պատմութեան ուսումնասիրութիւնը կը հաստատէ այն ճշմարտութիւնը, որ իւրաքանչիւր ազգի յաջողութեան, գոյատեւման գրաւականը ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆՆ Է։ Ազգային համաձայնութիւնը հայ ժողովուրդին համար կարեւոր եղած է անցեալին, կարեւոր է այսօր եւ կարեւոր է նաեւ ապագային։

Հայ ժողովուրդի բոլոր քաղաքական ուժերը ՝ թ՛է իշխանութեան մէջ գտնուող, թ՛է ընդդիմադիր, թ՛է չէզոք, քաղաքական պայքարին մէջ չպէտք է թոյլ տան այնպիսի քայլեր, որոնք կը խարխլեն, կը տկարացնեն հայոց պետականութեան գոյատեւման հիմքը ՝ ազգային համաձայնութիւնը։

Եթէ  ազգի բոլոր քաղաքական ուժերը չ՚ ըմբռնեն այս ճշմարտութիւնը, չհասնին ազգային համաձայնութեան հաստատման ու պահպանման, ապա հայոց պետականութիւնը չի դիմանար պատմութեան հետագայ փորձութիւններուն։

 

Գէորգ Հալէպլեան