Ո՞վ է Ռամկավարը. Հայկ Նագգաշեան

2022-01-18
Image

Վաթսունամեակ մը առաջ, 1921-ին, հայ ժողովուրդի ամէնէն լուսամիտ զաւակներէն ոմանք ինչպիսիք էին Միհրան Տամատեան, Վահան Թէքէեան, ներկայացնելով Ռամկավար, Ազատական, Վերակազմեալ եւ ժողովրդային կուսակցութիւններն ու հոսանքները, հիմը կը դնէին այժմու Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան: Այդ թուականին կենսագործուած հին եւ այլազան բայց նոյնանման մտածող հոսանքներու այս միաւորումէն ծնունդ առած այս նոր կուսակցութիւնը այդ օրերու կացութեան հրամայական պահանջքն էր: Իր դարաւոր հայրենիքէն դուրս շպրտուած, տարագրութեան ու ջարդի գեհենէն ճողոպրած հայու բեկորները նոր եւ օտար ափերու վրայ հաստատուելու եւ «մնացորդաց»ին գոյութիւնը պահպանելու ստիպողականութեան առջեւ կը գտնուէին:

Միւս կողմէ, հաշմանդամ եւ հիւծած Հայաստանի Հանրապետութեան երկարամեայ գոյութիւնը արդէն շուրջ տարի մը առաջ վերջ գտած ըլլալով կեանքի կոչուած  էր օրուան նոր մտածողութեան, նոր ձգտումներուն  համապատասխանող Խորհրդային Հայաստանը՝ յոյսի նոր հորիզոններ բանալով տառապակոծ հայ ժողովրդին առջեւ:

Այս նոր հայրենիքը կերտող քաղաքական ճիշդ եւ իրապաշտ արեւլումին ետին Ռ․Ա․ Կուսակցութիւնը տեսաւ հին եւ անժամանցելի իմաստութեան ըմբռնումը, ըստ որուն ժողովրդի մը խաղաղ եւ ապահով կեցութեան համար կենսական անհրաժեշտութիւն է հզօր ու դրացի ժողովուրդներու հետ բարեկամութիւնը: Այս իմաստութեան ըմբռնումով տոգորուած կը գտնենք նաեւ մեր կուսակցութեան առաջին շրջաբերականներէն մին, որ 1920 Դեկտեմբեր 13 թուականը կը կրէ եւ ուր կ'ըսուփ․-«Անդրկովկասի ներկայ պայմաններուն մէջ հայերը թուրքերու եւ թաթարներու սպառնալիքին հանդէպ իրենց ֆիզիքական գոյութիւնը, ինչպէս նաեւ կարելի է ըսել՝ քաղաքական իրաւունքները ապահովելու համար ուրիշ որեւէ կողմէ գործնական օգնութիւն չեն կրնար ակընկալել, եթէ ոչ Ռուսաստանէն միայն: Հայ Ռամկավար Կուսակցութիւնը․․․ներկայ անցողական շրջանին մէջ, երկրորդական նշանակութիւն կրնայ տալ Խորհրդային Ռուսաստանի յեղափոխութեան Հայաստանի ընկերային կարգերուն վրայ առաջ բերած ազդեցութեան» :

Հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն ճակատագրական հանգրուանին հրապարակ իջաւ Ռ․Ա․Կ․ ը, մէկ կողմէ կազմակերպելու համար սփիւռքի մէջ հիմնուող հայ գաղութները, եւ միւս կողմէ նիւթապէս ու բարոյապէս սատարելով նորաստեղծ հայրենիքին:

Ի պատիւ մեր կուսակցութեան հին ղեկավարութեան, պէտք է ըսել, որ Ռ․Ա․Կ․ ը գիտցաւ իրատեսօրէն գնահատել նոր կացութիւնը եւ համագաղութային գործունէութեամբ ղեկավարել հայ կեանքը՝ մէկ կողմէ Հ․Բ․Ը․ Միութիւնը մղելով որբախնամ ու բարեսիրական լայնածիր գործունէութեան, միաժամանակ հիմնելով դպրոց, եկեղեցի, ակումբ եւ մամուլ՝ գաղթական հայու բեկորներուն տալու համար, հետզհետէ, կազմակերպեալ համայնքներու դիմագիծ:

Մեր կուսակցութեան ժողովրդանուէր եւ հայրենանուէր գործունէութիւնը, ազգային առողջ ուղեգիծը լայն գնահատանքի արժանացաւ եւ սփիւռքի ամբողջ տարածքին մէջ աճեցաւ ու զօրացաւ ռամկավար մտածողութիւնը: Ասոր ապացոյցը կը տեսնենք ո’չ այնքան մեր շարքային զինուորեալներու թիւին, որքան անկուսակցական զանգուածներու եւ մտաւորական խաւերու մօտ մեր գաղափարաբանութեան եւ ազգային քաղաքականութեան գտած ընդունելութեան մէջ: Անոնք հայ ժողովուրդի ամէնէն կենսական հարցերուն՝ հայրենիքի, հայ եկեղեցիի, հայկական դատին եւ սփիւռքահայ զանազան կարեւոր խնդիրներուն առնչութեամբ կը մտածեն ու կը գործեն ռամկավարի մը պէս: Քիչ չեն նաեւ անոնք, որոնք զարմանազան պատճառներով ինքզինքնին հակակուսակցական ցոյց տալով հանդերձ, աւելին՝ հակառամկավար պայքար մղելով մէկտեղ կը քալեն Ռ․Ա․Կ․ ի ուղիէն, որովհետեւ, չկայ աւելի ողջմիտ եւ ազգօգուտ ուղեգիծ, քան մերինը:

Եւ այսօր, հասած ենք տեղ մը, ուր սփիւռքահայութեան մեծագոյն զանգուածը իր աչքերը մեր կուսակցութեան է յառած՝ անկէ սպասելով իրապաշտ եւ ողջմիտ առաջնորդութիւն: Էականը գիտակցիլն է, թէ մենք որքանով պատրաստ ենք այդ դերը ստանձնելու: Եւ այս հանգրուանին մենք իրաւունք չունինք ընկրկումի նշաններ ցոյց տալու, որքան ալ ծանր ըլլայ մեզմէ ակնկալուած գործը, եւ որքան ալ կարգ մը պատճառներ ուշացնեն մեզ այդ ծանր ու պատասխանատու գործին գլուխ անցնիլը: Շնորհիւ մեր անցեալի վարկին է, որ այդ աշխատանքն ու առաջնորդութիւնը կ'ակնկալեն մեզմէ՝ հայրենիքէն մինչեւ սփիւռքի հեռաւոր անկիւնները: Բայց, դժբախտաբար, երկար ժամանակէ ի վեր, մենք մեծ երախտաւորներուն՝ ժողովրդանուէր ու համեստ ծառայողներուն, մեր մտաւորականութեան եւ մեր անշահախնդիր գործիչներուն շինած արդար վարկն է որ կը սպառենք: Սակայն ժամանակն է գիտակցելու, թէ անսպառ չէ այդ դրամագլուխը:

Ի՞նչ բանի մէջ կը կայանայ մեր գաղափարախօսութեան, մեր ազգային ուղեգիծին գտած ժողովրդականութիւնը:

Ո՞վ է ռամկավարը:

Ռամկավարը ամէն բանէ առաջ ճշմարտութեան, արդարութեան եւ իրաւունքի վրայ կը հիմնէ իր գործունէութիւնը՝ ամբողջ ուժովը ծառանալով անոնց ոտնակոխումին դէմ: Որովհետեւ ան համոզուած է, թէ այդ երեք սրբութիւններուն վրայ կը յենու ռամկավարութեան էութիւնը կազմող ժողովրդավարութիւնը: Իսկ առանց ժողովրդավարական ու ռամկավարական սկզբունքներու կիրարկումին՝ յառաջ կու գայ բռնատիրութիւն եւ անհատապաշտութիւն, որոնք ուշ կամ կանուխ հաւաքականութեան մը, կազմակերպութեան մը, պետութեան մը տկարացումը եւ ապա փլուզումը յառաջ կը բերեն:

Ռամկավարը ոգի ի բռին կը պայքարի բարոյական սկզբունքներու կիրարկումին համար, որովհետեւ, ի բացակայութեանը անոնց, բարոյական մթնոլորտը կ'ապականի եւ ապականած մթնոլորտի մէջ առողջ սերունդներ չեն կրնար դաստիարակուիլ:

Առանց անտեսելու յեղափոխական մեր փառաւոր անցեալը, որ Արմենականներէն մեզի ժառանգ մնացած է, Ռ․Ա․ Կուսակցութիւնը էապէս սփիւռքահայութեան կուսակցութիւնն է:

Ռ․ Ազատականը հարազատ հայն է եւ իր ապրած երկրին հաւատարիմ ու պարտաճանաչ քաղաքացին:

Ռ․ Ազատականը անշահախնդիր հայրենասէրն է, արդի հայկական պետութեան եւ իր ժողովուրդին բարօրութիւն ցանկացողը, կատարուած ու դեռ կատարուող հայրենաշինական հսկայ աշխատանքը ջերմօրէն գնահատողն է ան՝ իր այս դրական կեցուածքը առանց կապելու հոն տիրող վարչաձեւին: Որովհետեւ, հայրենիք եւ վարչաձեւ իրարմէ անկախ բաներ են:

Ռ․ Ազատականը հայրենի իրականութեան ժխտական կողմերուն, թերիներուն սրտցաւ քննադատն է՝ առանց հակառակորդը ըլլալու:

Ռ․ Ազատականը հայրենադարձին հաւատաւոր կազմակերպիչը եղաւ, եւ կը շարունակէ  ջատագովը հանդիսանալ այդ սրբազան շարժումին՝ գիտակցօրէն յանձն առնելով կենցաղային այլեւայլ զոհողութիւններ: Որովհետեւ, Ռամկավարը կը հաւատայ, թէ հայրենի հողին վրայ համախմբուելով բազմանալն է երաշխաւորութիւնը մեր գոյատեւումին: Հայրենիքին մէջ գոյութիւն ունեցող նիւթական, կենցաղային դժուարութիւնները չեն կրնար արդարացի պատճառներ նկատուիլ հայրենի հողը լքելով արտագաղթելու: Այդ արտագաղթին մէջ Ռամկավարը կը տեսնէ հայրենաշինական սուրբ գործին, մեր Մեծ Երազին ջախջախուիլը:

Լիբանանահայութեան ներկայ դժբախտ կացութեան անդրադառնալով՝ Ռամկավարը չի կրնար ընդունիլ զանգուածներուն աւելի խաղաղ ու հանգիստ կեանք փնտռելու համար դէպի Ամերիկա կամ Քանատա գաղթը: Ռամկավարը խօսքով ու գործով կը քարոզէ, թէ որպէս Լիբանանի հաւատարիմ քաղաքացիները, պարտաւոր ենք լիբանանեան հայրենիքի այս տագնապալի օրերուն ցաւակից դառնալ, միասնաբար տառապիլ բոլոր համայնքներուն հետ, եւ այդ տագնապին լուծման մասնակցիլ նիւթական ու բարոյական ամէն զոհողութեամբ, եւ ի հարկին կեանքի գնով, որովհետեւ, չենք կրնար անոր ասպնջականութիւնը, խաղաղ օրերու ապահովութիւնը եւ բարգաւաճ կեանքը վայելելէ յետոյ նեղ օրերուն լքել զայն՝ եթէ չենք ուզեր ապերախտ քաղաքացիներ նկատուիլ:

Ռ․ Ազատականը սփիւքահայուն հայ մնալուն արթուն պահակն է եւ համոզուած է, որ մեր գոյատեւումին համար անհրաժեշտ են Մայր Հայրենիքին սերտ կապերը, եւ հոն տիրող վարչաձեւին մասին եղած վերապահութիւնները կամ հակառակութիւնները պէտք չեն այդ կապերը թաքցնելու ծառայել: Որովհետեւ Ռամկավարը կը հաւատայ, թէ կուսակցութիւններէն ու վարչաձեւերէն վեր կան ու կը մնան ազգային գերագոյն շահերն ու յաւերժական հայրենիքը:

Ռ․ Ազատականը ջերմ պաշտպանն է Հայաստանեայց Եկեղեցիին՝ ո՛չ անպայման կրօնամոլութենէ տարուած, այլ էապէս անդրադառնալով անոր կատարած ու կատարելիք ազգապահպանման դերին, եւ այս գիտակցութեամբ իր ծառայութիւնները ի սպաս կը դնէ անոր հզօրացումին: Ռամկավարը ջերմ հաւատացեալն է Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ միասնականութեան՝ իբրեւ գերագոյն իշխանութիւն ճանչնալով Էջմիածնայ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը: Սուրբ Էջմիածինը հայ եկեղեցիին բազմադարեան վէմն է, որուն վրայ խարսխուած է աշխարհացրիւ հայ ժողովուրդին հոգեկան ամբողջականութիւնը: Այս մարզին մէջ եւս Ռամկավարը չհանդուրժեց եւ չի հանդուրժեր, որ Մայր Հայրենիքի մէջ տիրող վարչաձեւը իբրեւ պատրուակ ծառայեցուի անջատողական ձգտումներու եւ եկեղեցին քաղաքական հակամարտութիւններու կրկէս դառնայ:

Ռ․ Ազատականը աննահանջ մարտիկն է հայոց իրաւունքներուն, անկորնչելի հայկական դատին արդար լուծման համար, եւ մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն արեան պահանջատէրն է Ռամկավարը:

Ան համոզուած է, թէ արտայայտութեան տարբեր եղանակներով ու միջոցներով, հայրենիքէն մինչեւ սփիւռքի հեռաւոր անկիւնները հայ ժողովուրդը նոյն ձգտումները ունի այս մասին: Ամբողջական մէկ հայրենիք ու մէկ հայութիւն հասկացողութեամբ զինուած՝ Ռամկավարը նիւթական եւ բարոյական մեծագոյն զոհողութիւնները ստանձնեց եւ դեռ պիտի շարունակէ ստանձնել՝ յարաճուն թափով հետապնդելու համար մեր Մեծ Երազին իրականացումը, որուն մեծագոյն հաւատացեալներէն մին եղաւ նորոգ հանգուցեալ ընկ․ Գերսամ Ահարոնեանը:

Ռամկավարը գիտէ թէ վաղուան արեւին հետ ծագելիք հրաշքներ չեն ասոնք: Վաթսունամեակ մը պայքարեցանք եւ դեռ վաթսունամեակ մըն ալ պայքարելու կորովն ու պատրաստակամութիւնը ունի Ռամկավարը այդ սրբազան նպատակներու իրագործման համար:

Ռ․ Ազատականը կը հաւատայ, թէ սփիւռքը պէտք է պահպանել իբրեւ հայկական աղէտին, ցեղասպանութենէն վերապրող զոհեր եւ զոհերու իրաւատէր ժառանգորդներ՝ երանելի օր մը բռնագրաւուած հայրենի հողերու վերադարձէն յետոյ, զայն իր պապենական հողերուն վերադարձնելու համար: Եւ այս ընելու համար ոչ միայն անհրաժեշտ է նիւթական բարօրութիւնը ապահովել սփիւռքահայութեան, այլ մանաւանդ պահպանել անոր հայկական դիմագիծը եւ արծարծել պահանջատէրի գիտակցութիւնը: Որովհետեւ նիւթապէս նախանձելի բայց տժգոյն հայկականութեամբ գաղութ մը կորսուած թիւ է հայ ժողովուրդին համար:  Սփիւռքահայութեան հեռաւոր ու մօտաւոր անցեալին մէջ ձուլուած ու կորսուած հայու բեկորներ, գաղութներ փաստը կը կազմեն այս տխուր իրականութեան: Եւ այս ուղղութեամբ յաջողելու համար կենսական անհրաժեշտութիւն է աւելի սերտացնել մեր յարաբերութիւնները Մայր Հայրենիքին հետ, որովհետեւ, մեր սրբազան հողին ու հայրենաբնակ ժողովուրդին հետ շփումն է որ սնունդ կու տայ հայկականութեան: Հետեւաբար, հայրենիքի թերիները չափազանցնելով կամ շեշտելով եւ անտեղի կերպով շեփորելով ոչ միայն օգնած չենք ըլլար հայրենիքի թերիներու սրբագրութեան, ընդհակառակը, նպաստած կ՝ըլլանք մեր նոր սերունդին ազգային-հայրենասիրական զգացումին խաթարման: Ռ․ Ազատականը չի հանդուրժեր, որ հայրենիքի վերաբերեալ քննադատութիւնները հայրենասիրական զգացումին վնաս հասցնեն, որովհետեւ, համոզուած է որ առանց վառ եւ վճիտ, անսակարկ եւ անսահման հայրենասիրութեան կարելի չէ սփիւռքը հայ պահել:

Ռ․ Ազատականը թախանձագին ցանկացողն է ազգային համերաշխութեան ու միասնականութեան: Մեծ Եղեռնի յիսնամեակէն ասդին այն ինչ որ իրագոծուեցաւ իբրեւ յաջողութիւն այս մարզին մէջ՝ մեծաւ մասամբ արդիւնքը եղաւ մեր երկարաշունչ ու հետեւողական աշխատանքին: Եւ եթէ սփիւռքահայութեան ազգային-քաղաքական մտածողութեան մէջ որոշ փոփոխութիւն յառաջ եկաւ ի նպաստ հայրենի  իրականութեան եւ Ս․ Էջմիածնի պատմական անփոխարինելի դերին նկատմամբ՝ անուրանալի իրականութիւն է որ վաթսունամեայ մեր պայքարն է որ տուաւ իր արդիւնքը: Այսօր, եթէ հատուածական դիրքերէ դուրս գալով, խորունկ վերլուծումի ենթարկենք սփիւռքահայութեան ազգային-քաղաքական արեւելումը՝ ապա անկասկած պիտի տեսնենք մեր մտածողութեան, ազգային հիմնական հարցերու շուրջ մեր դաւանած ու քարոզած դիրքորոշումներուն որդեգրումը սփիւռքահայ զանգուածներուն կողմէ, հոգ չէ թէ անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ պատկանած ըլլան, այսպէս ասած, Ռ․Ա․Կ․ ի հակադիր հոսանքներու:

Իցիւ թէ մենք լիովին գիտակցինք այս հպարտառիթ իրողութեան, եւ աւելի լայնածիր աշխատանքով, աւելի աշխոյժ թափով, աւելի թարմ եւ ընդունակ ուժերով լծուինք գործի՝ սփիւռքահայութիւնը առաջնորդելու համար դէպի ամբողջական եւ իրաւ համերաշխութիւն, ազգային միասնական ամբողջականութիւն՝ միշտ Հայրենիք-Էջմիածին-Հայկական Դատ հիմնաքարերու վրայ խարսխելով մեր աշխատանքը:

 

Հայկ Նագգաշեան

Աղբիւր՝ ՌԱԿ 60-ամեակին նուիրուած «Նոր Օր» Բացառիկ

1981թ.