ՌԱԿ Պատուիրակութիւնը այցելած է Ամեն. Տ. Նուրհան Պատրիարքին

2022-08-11
Image

Չորեքշաբթի, 10 Օգոստոս 2022ին, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Փոխ Ատենապետ՝ Ընկեր Յակոբ Անդրէասեան, ուղեկցութեամբ Երուսաղէմի ՌԱԿի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ՝ Ընկեր Յակոբ Փանոսեանի, Փոխ ատենապետ Ընկեր Վիգէն Լէփէճեանի եւ վարչական ընկերներ՝ Ստեփան Յակոբեանի եւ Գրիգոր Կէճէքուշեանի, այցելցին Պատրիարքարան եւ հանդիպում ունեցան Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Պատրիարք Մանուկեանի հետ:  

Ընկեր Յակոբ Անդրէասեան ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Ընկեր Մայք Խարապեանի եւ վարչութեան անդամներու ողջոյնները հաղորդեց Սրբազան Հօր եւ հակիրճ տեղեկութիւն տուաւ Կուսակցութեան 100-ամեակին նուիրուած միջոցառումներուն մասին, որոնք տեղի ունեցան Յունիս 22-27, Երեւանի մէջ, եւ Սրբազան Հօր յանձնեց Կեդրոնական Վարչութեան յուշանուէրը։

1

Սրբազան Հայրը իր շնորհակալութիւնը յայտնելով, բարձր գնահատեց ՌԱԿի 100-ամեայ հայրենանուէր եւ ազգանուէր գործունէութիւնը եւ մաղթեց, որ Կուսակցութիւնը աւելի զօրանայ եւ իր առաքելութիւնը շարունակէ ինչպէս անցեալին, նոյնպէս ապագային։

Սիրալիր մթնոլորտի մէջ, կուսակցական ընկերներու եւ Սրբազան հօր միջեւ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Երուսաղէմի հայութիւնը յուզող եւ հետաքրքրող հարցերու շուրջ շինիչ քննարկում։

Ընկերները հրաժեշտ տուին Սրբազան Հօր, խոստանալով յաճախակի դարձնել նման կարեւոր այցելութիւնները եւ աւելի սերտացնել կապը՝ Պատրիարքարանի եւ Գաղութին միջեւ։