Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին նուիրուած քայլարշաւ Պէյրութի մէջ՝ աւանդական կուսակցութիւններու կազմակերպութեամբ

2022-04-25
Image

Կիրակի, 24 Ապրիլ 2022-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին հայ աւանդական երեք կուսակցութեանց կազմակերպութեամբ ժողովրդային քայլարշաւ մը տեղի ունեցաւ՝ որ սկիզբ առաւ Պուրճ Համուտէն` հասնելով Անթիլիասի Մայրավանք, ուր Սրբոց Նահատակաց Յուշարձան-մատրան առջեւ տեղի ունեցաւ Սրբոց Նահատակաց բարեխօսական կարգ եւ ապա Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ժողովուրդի զաւակներուն ուղղեց իր Հայրապետական պատգամը։

1

Հայաստանի եւ Լիբանանի դրօշակներով արդարապահանջ հայութիւնը այս յատկանշական քայլարշաւով վերանորոգեցին իրենց ուխտը` պայքարելու յանուն Հայ դատին, մինչեւ որ հայը տիրանայ իր բռնախլուած իրաւունքներուն։ Անոնք անգամ մը եւս եկան փաստելու, որ սփիւռքահայը անտարբեր չի կրնար մնալ թուրք-ազրպէյճանական հակահայ քաղաքականութեան դիմաց։ Քայլարշաւին նպատակն էր արժանի յարգանքը ընծայելու հայութեան բիւրաւոր նահատակներու անմահ յիշատակին, որոնք ինկան Թուրքիոյ ցեղապաշտ քաղաքականութեան զոհ, ինչպէս նաեւ զօրավիգ կանգնելու անոնց նուիրական դատին։

4

Կաթողիկոսարանի շրջափակէն ներս Սրբոց Նահատակաց մատրան առջեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Արամ Ա. ՎԵհափառ Հայրապետը ժողովուրդին ուղղեց իր պատգամը։

Իր պատգամի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնելէ ետք այն բոլոր երկիրներուն, որոնք հակառակ Թուրքիոյ ճնշումին ու սպառնալիքին, ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, յիշեցուց Թուրքիոյ, թէ «Ապրիլ 24-ը մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու օր է բոլոր անոնց, որոնք հակառակ Թուրքիոյ ճնշումներուն եւ նոյնիսկ սպառնալիքներուն, պաշտօնապէս ճանչցան քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը։ Ապրիլ 24-ը նաեւ նոր սերունդին յիշեցնելու օր է, թէ ինք կոչուած է, որպէս սրբազան պարտաւորութիւն, վառ պահելու ջահը հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան։ Ապրիլ 24-ը յիշեցնելու օր է մանաւանդ Թուրքիոյ, թէ 107 տարիներ հայ ժողովուրդին զաւակները աշխարհի բոլոր ծագերուն իրենց բռնաբարուած իրաւունքները պահանջեցին եւ պիտի շարունակեն պահանջել՝ վերանորոգ վճռակամութեամբ ու աննահանջ ոգիով»։

4