Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ Տարելիցի Ոգեկոչում Սիտնիի մէջ

2023-05-07
Image

Բարձր հովանաւորութեամբ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայոց թեմի առաջնորդ Բարձր․ Տէր Հայկազուն Արք․ Նաճարեանի, Ուրբաթ, 21 Ապրիլ 2023-ի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցի ոգեկոչում, կազմակերպութեամբ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան։

Այս առիթով Հայաստանէն յատուկ հրաւէրով Աւստրալիա ժամանած էր «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան նախագահ տիար Արամ Սարգսեան եւ հայրենի վաստակաւոր լրագրող եւ վերլուծաբան տիար Նուէր Մնացականեան։

1

Ռայտի «St. Anne’s Anglican Church»ի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութիւնը սկսաւ տեղաբնիկներուն մշակոյթը յարգող երախտագիտական յայտարարութեամբ, ապա ներկաները յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին հայ ժողովուրդի նահատակներուն յիշատակը։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ հանդիսավար Զանի Օգճեան։ Ապա հակիրճ սրտի խօսք արտասանեց Ռայտի նորընտիր երեսփոխան Ճորտըն Լէյն, դիտել տալով, որ Ռայտը տունն է հայկական մեծ համայնքին, խոստանալով շարունակել աջակցիլ Հայոց ցեղասպանութեան փաստի ճանաչումին աշխատանքներուն։

Կազմակերպիչ յանձնախումբին խօսքը փոխանցեց Մանուկ Տէմիրճեան, ապա Արամ Սարգսեանը հրաւիրեց փոխանցելու իր ուղերձը։ «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան նախագահը խօսեցաւ Հայաստանի դիմագրաւած խնդիրներուն եւ անոնց լուծումի միջոցներուն մասին, անդրադարձաւ ներքին ու արտաքին թղթածրարներուն, Հայաստանին առջեւ ցցուած մարտահրաւէրներուն եւ զանոնք յաղթահարելու սկզբունքներուն։ Արամ Սարգսեան կարեւորեց միասնականութիւնը՝ պետականութեան ամրապնդումի սկզբունքով եւ վստահեցուց, որ Հայաստան դարձեալ կարողութիւն ունի յաղթելու։

1

Այնուհետեւ, Բարձր․ Տէր Հայկազուն Նաճարեան Սրբազանը փոխանցեց օրուան եզրափակիչ խօսքը։ Ան շեշտեց, որ միայն հայ ժողովուրդը կրնայ վերատիրանալ իր իրաւունքներուն, որովհետեւ ոչ մէկը պիտի օգնէ, այնպես ինչպէս ցոյց կու տայ պատմութիւնը։

Հայրենիքին դիմագրաւած ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներուն ծանօթանալու եւ հայութիւնը յուզող այդ հարցերը քննարկելու համար, հայրենի «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան նախագահ Արամ Սարգսեան Շաբաթ, 22 Ապրիլ 2023-ի երեկոյեան, հանդիպում ունեցաւ աւստրալահայութեան հետ՝ ՀԲԸՄ-ի Ալեք Մանուկեան սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ ՍԴՀԿ-ի, ՌԱԿ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի, ներկայութեամբ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայոց թեմի առաջնորդ Բարձր․ Տ․ Հայկազուն Արք․ Նաճարեանի եւ հիւրերու։ Զրոյցը վարեց հայրենի վաստակաւոր լրագրող Նուէր Մնացականեանը, իսկ համադրողի պարտականութիւնները վստահուած էին Արեգ Եափուճեանին։

1

Արամ Սարգսեան պատասխանեց ներկաներու բազմաթիւ հարցումներուն՝ պարզաբանումներ տրամադրելով անոնց մտահոգութիւններուն եւ մեկնաբանութիւններուն։ Քննարկում-զրոյցը կեդրոնացաւ Հայաստանի  անվտանգութեան, Արցախեան ճգնաժամին, աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններուն եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու նիւթերուն վրայ, եւ հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն։

Կազմկերպիչ Յանձնախումբ

1