Պահանջատիրութեան նոյն ոգիով. Լիբանանահայութիւնը կը պատրաստուի նշել 24 Ապրիլի պահանջատիրութեան օրը

2021-04-20
Image

Այս տարի եւս, լիբանանահայութիւնը կուր հաւատքով պիտի նշէ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու ու նաեւ պահանջատիրութեան օրը:

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, միջոցառումները կազմակերպուած պիտի ըլլան Լիբանանի մէջ գործող աւանդական երեք կուսակցութիւններուն՝ ՍԴՀԿ, ՌԱԿ եւ ՀՅԴ-ի բարձրագոյն մարմիններուն կողմէ:

Նշենք նաեւ, որ համավարակով պայմանաւորուած, համայնքը այս տարի եւս միջոցառումները պիտի կատարէ հեռավար կապով:

Եւ այսպէս, Շաբաթ՝ 24 Ապրիլ 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի շրջափակին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներուն նուիրուած եկեղեցական արարողութենէն ետք, տեղի պիտի ունենայ յատուկ միջոցառում, որուն ներկայ պիտի ըլլայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաղոթիկոսը, ինչպէս նաեւ Լիբանանահայ համայնքի երեք աւանդական կուսակցութիւններու մարմիններու  ներկայացուցիչներն ու համայնքի ազգային, կրթական, բարեսիրական եւ տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Հանրութիւնը հանդիսութեան պիտի կարենայ հետեւիլ լիբանանահայ համայնքի դիմատետրի տարբեր էջերով եւ հարթակներով:

Կը նախատեսուի նաեւ, որ միջոցառման ընթացքին խօսքերով հանդէս գան կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներն ու յարանուանական մարմիններու առաջնորդ հայրեր: