Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Այցելութիւնը Լիբանանի Ճարտարարուեստի Նախարարին
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ Ընկեր Տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի եւ ընկերակցութեամբ Ընկերներ Տոքթ.Վիգէն Ասիլեանի, Լեւոն Բարսեղեանի եւ Վիգէն Թոսունեանի այցելեց Լիբանանի ճարտարարուեստի նախարար Տիար Ճորճ Պուճիքեանին, նախարարութեան իր գրասենեակին մէջ:
Պատուիրակութիւնը Պարոն Պուճիքեանին փոխանցեց Ռ.Ա.Կ.Կեդրոնական Վարչութեան ողջոյնները եւ անվերապահ նեցուկը օժանդակելու համար Լիբանանի ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք կը դիմագրաւեն տնտեսական դժուար պայմաններ: Վարչութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնեց յարգարժան նախարարին, որ այս օրերուն ճիշդ անձն է ճիշդ պաշտօնին վրայ եւ որ մեծ համբերութեամբ իր լուման կը դնէ Լիբանանի ժողովուրդի տնտեսական պայմաններու բարելաւումի պայքարին մէջ:
Պարոն Պուճիքեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց այս այցելութեան համար եւ շեշտեց թէ ամէն ջանք կը թափէ երկիրը քայլ մը առջեւ տանելու համար: Ան շեշտեց հայ ժողովուրդի կատարած դերին կարեւորութիւնը իր գտնուած երկիրներուն մէջ: Ան ներկայացուց իր ծրագիրը ընդհանուր կէտերու մէջ Լիբանանի ճարտարարուեստը զարգացնելու եւ հասցնելու համար միջազգային մակարդակի, որպէսզի ան կարենայ շուկայ գտնել արտերկրի մէջ: Պարոն նախարարը շեշտեց նաեւ միասնականութեան կարեւորութիւնը այս ճակատագրական հանգրուանին:
Ռ.Ա.Կ.պատուիրակութեան անդամները գնահատեցին Պարոն Պուճիքեանի կատարած աշխատանքը եւ յաջողութիւն մաղթեցին իրեն: Մօտ մէկ ժամ տեւած ժողովի աւարտին, կողմերը խոստացան շարունակել հաղորդակցիլ, մեր ժողովուրդի առջեւ ծառացած բոլոր արգելքները շրջանցելու համար:
Վ.Թոսունեան
Պէյրութ, 20 Հոկտեմբեր 2021