«Իմ Քայլը» Բարեգործական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Տիկին Աննա Յակոբեան Ընդունեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ներկայացուցիչները
Երկուշաբթի, Յունիս 10-ին «Իմ Քայլը» բարեգործական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Տիկին Աննա Յակոբեան, հիմնադրամի կեդրոնական գրասենեակներէն ներս ընդունեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կենդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչներ՝ Ատենապետ ընկեր Մայք Խարապեանը, փոխ-ատենապետ ընկեր Ալեքսան Գարատանայեանը եւ ընկերուհի Սօսի Պըլըխեանը:
ՌԱԿ-ի պատուիրակութեան անդամները նախ շնորհաւորեցին Տիկին Յակոբեանը հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի պաշտօնը ստանձնելուն համար եւ բեղմնաւոր գործունէութիւն մաղթեցին իրեն: Միաժամանակ վստահեցուցին թէ պատրաստ են օժանդակելու հիմնադրամին կարեւոր ծրագիրներու իրականացման գծով, աւելցնելով որ գործակցութիւնը անհրաժեշտ է որ ըլլայ շարունակական:
Տիկին Յակոբեան ՌԱԿ-ի պատուիրակութեան անդամներուն հակիրճ կերպով ներկայացուց «Իմ Քայլը» հիմնադրամի գործող ու ծրագրման փուլի մէջ գտնուող նախաձեռնութիւնները, յատկապէս առանձնացնելով «Ճախրուկ» ընկերային սրճատուն հիմնելու ծրագիրը, որ կ’իրագործուի «Ճախրուկ» հասարակական կազմակերպութեան հետ գործակցաբար:
«Ճախրուկ» սրճատունը կամ պարզապէս «Սրճատուն»-ը ընկերային նախաձեռնութիւն մըն է, որ կ’իրականացուի հաշմանդամութիւն, ֆիզիքական ու մտաւոր առանձայատկութիւն ունեցող երիտասարդներու համար: Ան կը նպատակադրէ կամուրջ հանդիսանալ այդ երիտասարդներուն եւ հասարակութեան միջեւ: Սրճատան մէջ բացառապէս պիտի աշխատին հաշմանդամութիւն ունեցող երիտասարդներ, որուն իբր արդիւնք, հասարակութեան հետ անոնց շփումը կ’աւելնայ, եւ հոգեբանական դրական մեծ ազդեցութիւն կ’ունենայ: Ծրագիրը շատ բարդ է իրականացնել, սակայն հիմնադրամը արդէն սկսած է նախապատրաստական աշխատանքներուն։
«Սրճատուն»ը պիտի ըլլայ նաեւ արուեստի կեդրոն, ուր պիտի ցուցադրուին եւ վաճառուին այն բոլոր իրերը, որոնք իրենց ձեռքով պատրաստած են ֆիզիքական ու մտաւոր առանձայատկություն ունեցող երիտասարդները:
Տիկին Յակոբեանը ներկայացուց նաեւ հիմնադրամին կողմէ յանձն առնուած այլ ծրագիր մը ՝«Փրկութիւն» կեդրոնի շէնքը, որ լաւ վիճակի մէջ չի գտնուիր եւ պէտք է վերանորգուի: Ան ցերեկային խնամքի կեդրոն մըն է, որ կը յաճախուի ֆիզիքական ու մտաւոր առանձայատկութիւն ունեցող մեծահասակներու կողմէ։
Հիմնադրամը մեծ դժուարութեամբ, բայց յաջողութեամբ մեկնարկած է «Յաջողակ Կին Գործարարներ» ու աջակցութիւնը։ Շուտով 42 սկսնակ կին գործարարներ մէկական միլոն դրամ պիտի ստանան իրենց գործարքները զարգացնելու համար: Ծրագիրը փորձնական է, սակայն հիմնադրամը նպատակադրած է զայն դարձնել շարունակական: Ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուեցան նաեւ հիմնադրամի կարեւոր կարգ մը այլ ծրագիրները։
ՌԱԿ Կենդրոնական Վարչութեան Ատենապետ ընկեր Մայք Խարապեան ընդծեց թէ իրարու օգնելը պէտք է մշակոյթ դառնայ մեր ժողովուրդին համար եւ աւելցուց որ ՌԱԿ-ի աշխարհատարած կուսակցական եւ համակիր լայն շրջանակներուն լաւագոյնս պիտի ներկայացուին «Իմ Քայլը» հիմնադրամի բոլոր ծրագիրները, անոնց համար առաւելագոյն աջակցութիւն ապահովելու նախանձախնդրութեամբ։