«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի Տարեկան Նիստը

2024-06-20
Image

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի 34-րդ տարեկան նիստը տեղի ունեցաւ, Շաբաթ, Յունիս 15-ին։ Նիստը վարեց Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ եւ Հոգաբարձուներու Խորհուրդի ատենապետ Վահագն Խաչատուրեանը։

Նիստին կը մասնակցէին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, Ազգային Ժողովի Նախագահ Ալէն Սիմոնեանը, Արտաքին Գործոց Նախարար Արարատ Միրզոյեանը եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներ։

Ինչպէս ծանօթ է, Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդին անդամ է նաեւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ ընկեր Մայք Խարապեան որ նիստին կր մասնակցէր առցանց, իսկ զինք պաշտօնապէս կը փոխարինէր Կեդրոնական Վարչութեան փոխ ատենապետ ընկեր Ալեքսան Գարատանայեան։ Նիստի պաշտօնական մասնակիցներէն էր նաեւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկեր Հայկ Լեփեճեան, որ ներկայացուցիչն է Հիմնադրամի Աւստրալիոյ յանձնաժողովին:

Խուրհուրդը լսեց «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի 2023 թուականի գործունէութեան վերաբերեալ գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանի հաշուետուութիւնը։ Ներկայացուեցան Հայաստանի մէջ իրականացուող առողջապահական, ընկերային, կրթական, բնակարանաշինութեան, վերականգնուող ուժանիւթի, մշակոյթի եւ ենթակառուցուածքներու զարգացման ուղղուած մի քանի տասնեակ կենսական և լայնածաւալ ծրագիրներ:

Հոգաբարձուներու Խորհուրդը հաստատեց «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի 2023 թուականի տարեկան նիւթական եւ գործունէութեան հաշուետուութիւնները, ինչպէս նաեւ 2024 թուականի տարեկան պիւտճէն, Հոգաբարձուներու Խորհուրդի գործունէութիւնը, գոյքի տնօրինումը եւ աշխատանքային ներքին կանոնակարգը։

Նկարին մէջ: Ձախէն աջ՝ ընկեր Հայկ Լեփեճեան, Նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ ընկեր Ալեքսան Գարատանայեան