«Վերանորոգ իտէալներով դէպի 2020 թուական» Ընկ. Մայք Խարապեանի ամանորեայ ուղերձը

2019-12-30
Image

Նշանակալի տարի մը եւս բոլորեցինք եւ կը պատրաստուինք դիմաւորել 2020  թուականը։

2019 թուականը  կարեւոր տարի մը եղաւ Հայաստանի  եւ հայութեան համար, այն իմաստով, որ թաւշեայ յեղափոխութեամբ  ամրագրուած գաղափարները դարձան հաստատուն ընկալումներ նոր Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին համար։

Ուղենշայինն անշուշտ Արցախեան սահմաններու անվտանգութեան    օրակարգն էր, որուն համար Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի զինեալ ուժերը ջանք չխնայեցին եւ  կարողացան,  յանուն մեծ զոհողութիւններու, յաջողութեամբ պաշտպանել հերոսական Արցախի  եւ Հայաստանի սահմանները։

ՌԱԿ-ը կը հաւատայ, որ շնորհիւ մէկտեղեալ ճիգերու, պարտինք ամրօրէն պահպանել Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը, համազգային նախանձախնդրութեամբ, նոր թափով ու եռանդով յառաջ տանելով համագործակցութեան եւ երկխօսութեան օրակարգերը:

Ինչ կը վերաբերի սփիւռքին, պէտք է իրապաշտօրէն նշել, որ հայրենադարձութեան գաղափարը ռազմավարականօրէն իրականացնելու անհրաժեշտութիւնը կը մնայ հիմնարար եւ համահայկական առաջնահերթութիւններէն ամէնէն առանցքայինը, ուր պէտք է ներգրաւուին սփիւռքի հայկական բոլոր կառոյցները:

Խօսելով մեր սիրելի կուսակցութեան մասին եւ հաշուի առնելով անցնող  վեց ամիսներու Կեդրոնական Վարչութեան ամփոփիչ    գործունէութիւնը, ապա այստեղ հարկ կը համարենք  նշել, որ  մեկնարկը տրուեցաւ դէպի նոր հորիզոններ նայելու ժամանակին։

Մերձաւոր Արեւելքի հիմնահարցը կը շարունակէ ընդգծուած մնալ Թուրքիոյ ազգայնամոլ եւ ծաւալապաշտական քաղաքականութեան ահազանգով, որ կը հանդիսանայ լուրջ սպառնալիք տարածաշրջանի բոլոր ժողովուրդներուն եւ ի մասնաւորի՝ հայութեան: Այնպէս որ ազգային զգօնութիւնը այսօր աւելի կարեւոր է, քան երբեւէ:

Աւելին՝ Մերձաւոր Արեւելքի, յատկապէս սուրիահայութեան եւ լիբանանահայութեան քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային տագնապը այսօր եւս կը հանդիսանայ համահայկական օրակարգի հիմնախնդիրներէն մին:

Ի լրացումն վերը արտայայտուած գաղափարներուն, ՌԱԿ-ը կը շարունակէ մնալ պատնէշի վրայ՝ նոյն  հաւատամքով,  նոյն  ոգիով  եւ նոյն եռանդով սատարելու Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւնները եւ ամրացնելու մեր հայահոծ գաղութները, որոնք կը հանդիսանան ազգապահպանումի հիմնական գրաւականը:

Երէկ էր, որ կը հաւատայինք ամբողջական Հայաստանի եւ ամբողջական  հայութեան տեսլականին եւ այսօր եւս, աւելի մեծ եռանդով եւ նոր սերունդները հաւատքով ներշնչելու սկզբունքով, անշեղօրէն  պիտի շարունակենք յարատեւել յանուն այդ գաղափարներուն, որոնց վրայ խարսխուած է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, որուն անշեղ ճանապարհն ու ոգին արդէն մէկ դար վարակիչ կերպով կը շարունակէ կապուած մնալ  մեր ժողովուրդի ստուար մէկ խաւին մօտ։

Ազգային պահանջատիրութեան նուիրական առաքելութեան ի խնդիր խրախուսող երեւոյթ էր Միացեալ Նահանգներու կողմէ պաշտօնական ճանաչումը հայկական ցեղասպանութեան: Կարելի է անվարան ըսել, որ այս իրագործումը արգասիքն էր երկար տարիներու յարաճուն եւ անզիջող ճիգերու, որոնց մէջ իր բաժինն ունէր նաեւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը:

Առ այդ՝ շեշտուած կը մնայ կարեւորութիւնը սփիւռքի հայկական կուսակցութիւններու պատասխանատւութեան եւ դերին, ազգային պահանջատիրութեան հետապնդումին եւ պայքարի շարունակութեան ի խնդիր, հայապահպանումը, հայեցի դաստիարակութիւնը եւ հայկական աւանդական արժէքներուն կառչած մնալը ունենալով որպէս նպատակակէտ:

Ի վերջոյ, թող  2020-ը  պայքարի նոր տարի մը  ըլլայ  մեզի բոլորիս, քիչ մը աւելի մօտենալու համար մեր իտէալներուն եւ կաթիլ մը նոր յոյս, ափ մը թարմ հաւատք ներշնչելով բոլոր անոնց, որոնց համար կայ մէկ ու միակ  Հայաստան, բոլոր անոնց, որոնց համար կայ մէկ ու միակ հայութիւն, իր Հայաստանով, Արցախով եւ աշխարհով մէկ տարածուած սփիւռքով։

Շնորհաւոր Նոր Տարի  Եւ  Սուրբ  Ծնունդ

 

Մայք  Խարապեան

Ատենապետ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան