Արարատէն՝«Քարէ մասունք» եւ դրօշակ. Ընկ. Սեդրակ Պալեանի հանդիպումը ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներուն հետ

2019-11-05
Image

Երկուշաբթի՝ 4 նոյեմբեր 2019-ի երեկոյեան, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան Երեւանի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որուն ընթացքին ԵՌԱԿ-ի անդամ ընկ. Սեդրակ Պալեան վերջերս  դէպի   Արարատ   լեր իր ունեցած ուխտագնացութեան առթիւ   կտոր մը  քար, որպէս  «մասունք», ինչպէս  նաեւ լերան գագաթին  իր  պարզած ՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան վեհապանծ դրօշակը յանձնեց Կեդրոնական Վարչութեան ընկերներուն:

Այս առթիւ, ընկ. Պալեան նշեց, որ ինչպէս շաբաթներ առաջ, այսօր եւս կը կրկնէ նոյն խօսքը, որ լեռ բարձրանալը իր համար սովորական արարք մը չէր, այլ ուխտագնացութիւն էր, որուն ընթացքին ան յաւելեալ ուժ եւ կորով ձեռք ձգեց, մանաւանդ, երբ պարզեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան վեհապանծ դրօշը:

1

 

Ան  այս առթիւ նաեւ իր շնորհակալութեան խօսքը յղեց Կեդրոնական Վարչութեան ընկերներուն եւ Ատենապետ ընկ. Մայք Խարապեանին, նշելով, որ իր կատարած ուխտագնացութենէն անմիջապէս ետք Կեդրոնական Վարչութիւնը եղաւ այն առաջին մարմինը, որ բարձր գնահատեց իր կատարած արարքը:

Իր կարգին ընկ. Մայք Խարապեան խօսք մը արտասանելով, նշեց, որ ընկ. Սեդրակ Պալեանի արարքը ցոյց կու տայ, որ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շարքերը դեռ ամուր են,  ու նաեւ կը վերահաստատէ այն խոր համոզումը, որ կուսակցութեան ապագան կը պատկանի յատկապէս այն երիտասարդներուն, որոնք հաւատքով, յոյսով, ինչպէս նաեւ նուիրուելու կամքով զինուած եկած եւ միացած են Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շարքերուն:

2

 

Կեդրոնական Վարչութեան ընկերները նաեւ հարցեր տուին ընկ. Սեդրակ Պալեանին, յաւելեալ տեղեկութիւններ խնդրելով իր կատարած ուխտագնացութեան, ճանապարհի ընդհանուր պայմաններուն, ինչպէս նաեւ այլ մանրամասնութիւններու մասին:

Իր կարգին Ընկ. Պալեան մանրամասն կերպով բացատրեց եւ պատասխանեց ընկերներուն կողմէ իրեն ուղղուած հարցումներուն: