Երկրաշարժէն մեծապէս տուժած է Հալէպի Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը (Լուսանկարներ)

2023-03-04
Image

6 Փետրուար 2023-ի վաղ առաւօտեան, Սուրիոյ եւ տարածաշրջանին մէջ պատահած 7,8 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժին եւ յաջորդող օրերուն անոր հետեւած յետցնցումներուն պատճառած աւերէն անմասն չէ մնացած Հալէպի Թէքէեան Մշակութային Միութեան շէնքը:

1

Պատերազմէն ետք հազիւ վերանորոգուած Միութեանս կառոյցը, այս անգամ ալ բնական աղէտը հունէ դուրս բերած է։ Ներկայիս այն դարձեալ անօգտագործելի վիճակի մէջ է:

1

Երկրաշարժի թողած աղէտալի հետեւանքներուն ծանօթանալու եւ պատճառուած վնասի չափը գնահատելու նպատակով, ՌԱԿ Հալէպի Շրջանային վարչութեան եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան վարչութեան անդամներ շինարարական փորձագէտներու եւ երկրաչափերու հետ այցլած են ակումբ եւ նախագծած վերանորոգման աշխատանքներու ծաւալը եւ ծախսերը:

1

Այցի ընթացքին առնուած լուսնականրերը եւ երեւելի դարձած հսկայ աւերները իսկապէս ողբերգական պատկեր կ'ուրուագծեն:

1

Կառոյցի արտաքին պատերը վնասուած են: Ներսը եւս բաւական մեծ վնասներ արձանագրուած են: Բակի ներքին մէկ պատը փլուզած է, բոլոր սենեակներու պատերուն վրայ ճեղքեր յայտնուած են:

1

Արձանագրուած կառուցուածքային մեծ վնասներու պատճառով շէնքի կանգուն մնացած հատուածը եւս կը համարուի վթարային:

1