Ընկ. Պապահէքեան աշխատեցաւ բարձր պահել մեր սիրելի կուսակցութեան անունը. Դամբանական խօսք՝ Ընկեր Կարապետ Պապահէքեանի մահուան առթիւ

2020-11-03
Image

Երէկ` երկուշաբթի, 2 նոյեմբեր 2020-ի, ժամը 2:30-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ  ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուոյ անդամ՝ Ընկ. Կարապետ Պապահէքեանի յուղարկաւորութեան եւ ազգային թաղման արարողութիւնը:

Այս առիթիւ արտասանուեցաւ դամբանական` ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան կողմէ, որ արտասանեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ՝ ընկ. Տոքթ. Աւետիս Տագէսեան:

Ատորեւ կը ներկայացնենք ընկ. Տագէսեանի Խօսքը՝

«Սգակիր Բարեկամներ,

Այս պահուն, որքան դժուար է հրաժեշտ տալ մարդու մը, որ մինչեւ մի քանի օր առաջ, հակառակ իր յառաջացեալ տարիքին, խանդավառ երիտասարդի մը նման,  ողջ ու առողջ, բարձր տրամադրութեան մէջ, հեռաձայնելով աջ ու ձախ, կ'ուզէր տեղեկութիւններ քաղել՝ Միութեան, Գաղութին, Ազգին եւ Հայրենիքին, նամանաւանդ՝ Արցախին մասին, հանդարտեցնելու համար իր բոցավառող հայու հոգին:

Այդ անձը, ուրիշ մէկը չէր, եթէ ոչ՝ բոլորիս ծանօթ, բոլորի կողմէ սիրուած ու յարգուած լիբանանահայ գործարարը՝ բծախնդիր ու մաքրամաքուր հայն ու կուսակցականը, նուիրեալ ազգային բարերարը, Հայ Մամուլի, Հայ Դպրոցի, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Հայու Հայրենիքին համար մտածող ու գործող ազնուական մարդը՝ Կարապետ Պապահէքեանը:

Անոր, ազգին համար բաբախող, բայց յոգնիլ չգիտցող սիրտը, ափսոս, որ յանկարծ կանգ առաւ... սուգի մէջ թողելով կողակից, զաւակներ, թոռներ, հարազատներ, կուսակցական ու միութենական ընկերային լայն շրջանակ մը եւ անթիւ բարեկամներ: Եւ հիմա ան, ահա՛ լռելեայն կը հեռանայ մեզմէ, եւ իր հետ անդենական կ'երթան բազմատասնեակ տարիներու յուշեր՝ երբ իրեն պէտք ունէինք տակաւին:

Ընկեր Պապահէքեան, որպէս մարդ, հայ մարդ, բծախնդիր ու առաքինի մարդ, կեանքի մէջ ունէր սկզբունք, ունէր դաւանանք, խոր համոզում ու հաւատք՝ իր ազգին եւ հայրենիքին հանդէպ: Բառերով գնահատական տալ, ան ալ դամբանականի մը նեղ սահմանումին մէջ, դժուար է: Ան ողջ կեանքին ընթացքին եղաւ համերաշխութեան ու օրինաւորութեան ռահվիրայ, ընկերային համեստ դիրքերէն հասնելով կուսակցական շատ բարձր տիտղոսներու, մինչեւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, զորս վարեց ամենայն գիտակցութեամբ, լրջութեամբ, պարտաճանաչութեամբ ու պատիւով, լաւագոյնս ծառայելով՝ անմնացորդ սիրով:

Ան, գտնուելով Թէ՛ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ թէ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնի պատասխանատու դիրքերուն վրան, աշխատեցաւ միշտ բարձր պահել Միութեան ու Կուսակցութեան անունը եւ ծառայեց ազգային կառոյցներուն, սրտին ու հոգիին հետ լայն բանալով իր քսակը՝ Թէքէեան Վարժարանէն մինչեւ Էջմիածին... ապա մինչեւ Արցախ.. շահելով բարերարի անուն եւ արժանաւորապէս պարգեւատրուելով Հայրենիքէն ու Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառէն:

Ան, ընկեր Կարապետ Պապահէքեան այժմ կ'երթայ անշշուկ, բայց իր յիշատակը պիտի մնայ վառ՝ բոլոր զինք ճանչցողներու հոգիներուն մէջ: Ցաւակցութիւններ՝ ՌԱԿԻ Կեդրոնական Վարչութեան եւ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան կողմէ՝  Տիկին Յասմիկին, զաւակներուն՝ Ճէնիին, Սօսիին եւ Սեպուհին,  թոռներուն, փեսաներուն եւ բոլոր հարազատներուն»: