Կարեւոր նախընթացով մը ՌԱԿ-ի Արցախի մարմինը միացաւ «Նոր Արցախ» դաշինքին
Նախապէս հաղորդած էինք, որ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արցախի մարմինը օրերս գումարած է արտահերթ համագումար, որու աւարտին ալ որոշուած է մասնկացիլ յառաջիկայ Մարտ ամսուան ընթացքին տեղի ունենալիք Նախագահական-խորհրդարանական ընտրութիւններուն։
«Ռամկավար Մամուլ»ի Արցախի աղբիւրին համաձայն, ինչպէս եւ նախատեսուած էր, այսօր գոյացած է «Նոր Արցախ» դաշինքը, որու հիմքով ալ ՌԱԿ-ի մարմինը պիտի սատարէ Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանին Արցախի նախագահի պաշտօնի թեկնածուութեան:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Արցախի մէջ գործող՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, «Ինքնուրոյն Արցախ»ի եւ «Ինքնութիւն եւ միասնութիւն» կուսակցութեանց այդ առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը։
29 Յունուարին Ստեփանակերտի «Եւրոպա» հիւրանոցին մէջ կայացաւ արցախեան երեք քաղաքական ուժերու՝ Արցախի Ռամկավար Ազատական, «Ինքնութիւն եւ միասնութիւն» եւ «Վաղուայ Արցախ» կուսակցութիւններու ղեկավար մարմիններու համատեղ նիստը, ուր քննարկուեցաւ նախընտրական դաշինքի կազմաւորման հարցը։
Յիշեցնենք, որ «Ինքնութիւն եւ միասնութիւն» կուսակցութեան արտահերթ համագումարը տեղի ունեցած է Յունուար 23-ին, «Վաղուայ Արցախ» կուսակցութեանը՝ Յունուար 25-ին եւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեանը՝ Յունուար 26-ին։ Արտահերթ համագումարներուն յստակեցուած է գալիք համապետական ընտրութիւններուն նշեալ քաղաքական ուժերու մասնակցութեան ձեւաչափը: Համագումարներուն հաստատուած են կուսակցութիւններու ղեկավար մարմիններու որոշումները երեք կուսակցութիւններէն կազմուած նախընտրական դաշինք կազմաւորելու եւ նախագահական ընտրութիւններուն Մասիս Մայիլեանին սատարելու մասին։
Երեք քաղաքական ուժերու ղեկավար մարմիններու համատեղ նիստը, վերահաստատելով կուսակցական համագումարներու դիրքորոշումները, ձեւաւորեց «Մայիլեան - Նոր Արցախ» նախընտրական դաշինք, որ նախագահական ընտրութիւններուն պիտի սատարէ Մասիս Մայիլեանին։ Վերջինս նաեւ պիտի գլխաւորէ դաշինքի համամասնական ցուցակը խորհրդարանական ընտրութիւներուն։
Համատեղ նիստին ելոյթ ունեցան երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները։ Անոնք կարեւորեցին առաջիկայ համապետական ընտրութիւններու դերն ու նշանակութիւնը երկրի ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար նոր որակի իշխանութեան ձեւաւորման,
հանրային կեանքի բարելաւման, մարդու եւ քաղաքացիի իրաւունքներու պաշտպանութեան ու պետութեան ներսը առկայ խնդիրներու լուծման համար բացառապէս պետական շահով առաջնորդուելու, երկրի մէջ ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու համար անհրաժեշտ քաղաքական ու հասարակական ուժերու լայն համախմբման անհրաժեշտութիւնը։
Համատեղ նիստի մասնակիցներուն ողջոյն խօսքով դիմեց Մասիս Մայիլեանը։ Խորին երախտագիտութիւն յայտնելով բարձր վստահութեան համար՝ ան, մասնաւորապէս, նշեց. «Մեր այս դաշինքը հզօր խթան պիտի հանդիսանայ Արցախի մէջ արմատական բարեփոխումներու ծրագրերու քննարկման եւ ընդունման նպատակով հանրութեան առողջ ուժերու լայն համախմբանն ուղղուած աշխոյժ ու վճռական գործունէութեան համար։ Վայրկեան անգամ չեմ կասկածիր՝ բարեփոխումներու արդիւնքով մենք համատեղ ուժերով պիտի ապահովենք մեր երկրի անվտանգ, բարեկեցիկ, յուսալի, արդար, քաղաքակիրթ եւ ժողովրդավարական ապագան, մէկ խօսքով՝ պիտի կերտենք մեր Նոր Արցախը»։
Մ. Մայիլեանը կ'ակնկալէ, որ դաշինքի առանցքի շուրջ սերտ համագործակցութիւն ըլլայ արցախեան հանրութեան ամենատարբեր շերտերու եւ հանրութեան վստահութիւնն ու յարգանքը վայելող անհատներու ու հանրային դէմքերու հետ։
Արցախի Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւն
«Ինքնութիւն եւ միասնութիւն» կուսակցութիւն
«Վաղուայ Արցախ» կուսակցութիւն