Կը զօրակցինք Վարչապետ Փաշինեանի կառավարութեան եւ Հայոց հերոսական բանակին

2020-07-15
Image

Հերթական անգամ անտեսելով միջազգային բոլոր չափանիշերը ու համաձայնութիւնները, Ատրպէյճան սադրանքի դիմելով, կրակ կը բանայ Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան  սահմանի երկայնքով, թիրախաւորելով Հայոց քաջարի բանակի դիրքերն ու խաղաղ բնակչութեան շրջանները։

Կիրակի օր ընթացք առած ռազմական գործողութիւններուն համապատասխան   կերպով պատասխանելով եւ ռազմական իրավիճակը իր վերահսկողութեան տակ պահելով, Հայոց քաջարի բանակը հերթական անգամ ցոյց կու տայ հերոսական  դիմադրութիւն ու ետ կը մղէ թշնամին։

Այս զարգացումներուն ի տես, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, իր բոլոր շրջանակներով, անդամութեամբ եւ համակիրներով կու գայ իր զօրակցութիւնը յայտնելու մեր հերոսական բանակին։

Սահմանին տիրող լարուած իրավիճակին առընթեր մեր կոչն է քաղաքակիրթ  աշխարհի տէրութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն, ոչ միայն լարուածութիւնը կասեցնելու վերաբերեալ կոչեր ուղղելու, այլեւ ճիշդ գնահատական տալով, դատապարտելու համար սադրիչ միտումները Ատրպէյճանին, որ ըստ երեւոյթին, եւ մասնաւորապէս այս փուլին, կը յենի Անգարայի նեցուկին, եւ կը գործէ «մութ սենեակներ»ու մէջ պատրաստուած դաւադիր ծրագիրները ի գործ դնելու միտումնաւոր քայլերով։

Ինչ կը վերաբերի քաղաքական օրակարգին, ՌԱԿ իր ամբողջական  զօրակցութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ անոր գլխաւորած կառավարութեան, քաջ գիտնալով, որ այսօրուան պայմաններուն մէջ քաղաքական որեւէ հաշուարկ, քննարկում, մեկնաբանութիւն կամ գնահատական անտեղի է ու անկարեւոր։

«Միութիւնը զօրութիւն է». ահա այս իմաստալից խօսքով կը դիմենք մեր շարքերուն, մեր ընկերներուն, մեր համակիրներուն եւ համայն հայութեան։ Միութիւն, երբ սեւ ամպեր կուտակուած են հայրենի երկնակամարին վերեւ, եւ միութիւն, երբ կը պատուհասուին մեր երկրի անվտանգութիւնն ու  հայրենակիցներու ապահովութիւնը։

ՌԱԿ-ը հաւատարիմ մնալով իր սկզբունքներուն, կոչ կ՚ուղղէ հայրենիքի, թէ սփիւռքի ղեկավար բոլոր մարմիններուն միակամ մնալու եւ զօրավիգ կանգնելու  Հայոց քաջարի բանակին եւ հայրենի իշխանութիւններուն:

Փառք ու պատիւ մեր դիմացկուն ժողովուրդին
Փառք ու պատիւ Հայոց Քաջարի բանակին
Փառք ու պատիւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդին

 

Ի Դիմաց՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Ռաֆֆի Պալեան | Ատենադպիր
Մայք Խարապեան | Ատենապետ