Հանդիպում Պաղեստինի Արտաքին Գործերու Պետ Նախարար Տքթ. Վարսէն Աղապէկեանի Հետ
Երեքշաբթի՝ Յունիս 11, 2024ին, Ռամալլայի իր տան մէջ, Պաղեստինի Արտաքին գործոց Պետ Նախարարուհի Տոքթ. Վարսէն Աղապէկեան, ընդունեց Երուսաղէմի ՌԱԿի եւ ՀԵՄի վարչական կազմերը, Վարչութիւններուն կը միանար նաեւ ՌԱԿի Կեդրոնական Վարչութեան Փոխ Ատենապետ ընկեր Յակոբ Անդրէասեանը։
Երուսաղէմի ՌԱԿի Ատենապետ ընկեր Յակոբ Փանոսեան, որ նաեւ ՌԱԿի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ է, կը գլխաւորէր ՌԱԿի վարչութեան կազմը, իսկ ընկեր Սարգիս Ճռնազեան կը գլխաւորէր ՀԵՄի վարչական կազմը։
2 ժամ տեւող հանդիպումը եզակի էր այն առումով որ Նախարարուհին ուզած էր որ հանդիպումը ըլլար ընտանեկան մթնոլորտի մը մէջ, իր տան մէջ։
Նախարարուհիին յուշանուերներ յանձնուեցան ՌԱԿի եւ ՀԵՄի վարչութիւններու կողմէ։
Պաշտօնական շնորհաւորական խօսքերէ ետք, տեղի ունեցաւ գաղութը եւ ընդհանուր հայութիւնն ու Հայրենիքը յուզող հարցերու քննարկում։ Ընկեր Անդրէասեան խօսելով Հայաստանի եւ Պաղեստինի փոխյարաբերութիւններու մասին, շեշտը դրաւ որ Նախարարուհին աշխատանք տանի որ յարաբերութիւնները սերտանան երկու երկիրներու մէջ, եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց օգնելու, իր կարողութիւնները սպաս դնելով այս կարեւոր քայլը յաջողցնելու համար։ Ջերմ մթնոլորտի մէջ, նախարարուհին անձամբ հիւրասիրեց ներկաները։
ՌԱԿ ՀԵՄ Երուսաղէմ
Նկարին մէջ: Ձախէն աջ (ոտքի) Սարին Կէճէքուշեան, Սարօ Նագգաշեան, Յակոբ Գալայճեան, Վիգէն Լէփէճեան, Յակոբ Փանոսեան, Տօքթ. Վարսէն Աղապէկեան, Յակոբ Անդրէասեան, Սարգիս Ճռնազեան, Սօնա Գոփուշեան, (նստած) Յակոբ Յակոբեան, Թագւոր Գույումինճեան, Յակոբ Ճռնազեան, Գրիգոր Կէճէքուշեան