Հ.Հ. Վարչապետ Նիկոl Փաշինեանի Հանդիպումը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Ղեկավարութեան Հետ
Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ուրբաթ, Յունիս 7-ին, ընդունեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ղեկավարութեան պաշտօնական պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ ընկեր Մայք Խարապեանի։
Վարչապետը բարձրօրէն գնահատեց ՌԱԿ-ի երկարամեայ, ամուր կապը հայրենիքի հետ, ինչպէս նաեւ՝ աջակցութիւնը հայրենի կառավարութեան վարած քաղաքականութեան։
Պարոն Փաշինեան ընգծեց որ կառավարութեան առաջնահերթ նպատակն է Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան ամրապնդումը եւ պետական յարատեւութեան ապահովումը։ Յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ նաեւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հետ ձեւաւորուած սերտ համագործակցութեան։
Զրուցակիցները քննարկեցին արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ հայրենի կառավարութեան այլեւայլ ծրագիրներուն վերաբերող հարցեր։
Նկարին մէջ
Աջէն ձախ՝ Հ.Հ .Վարչապետ Պարոն Նիկոլ Փաշինեան, Հ.Հ..Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատար Պարոն Զարեհ Սինանեան, ՌԱԿ Հանրապետական Վարչութեան փոխ-ատենապետ ընկեր Կարէն Կակոյեան, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր ընկեր Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան, ատենապետ ընկեր Մայք Խարապեան եւ փոխ-ատենապետ ընկեր Ալեքսան Գարատանայեան